2017-05-26 10:53:00

Արժանթինի Քարիթասի տարեկան դրամահաւաքը յառաջիկայ 10 եւ 11 յունիսին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Եթէ եղբօրդ նայիս որպէս եղբայր` ոչ մէկը բացառուած կը մնայ'' այս է Արժանթինի Քարիթասի բնաբանը,  որուն հիման վրայ եկեղեցական այս բարեսիրական կազմակերպութիւնը, յառաջիկայ 10 եւ 11 յունիսին, կազմակերպած է տարեկան դրամահաւաքը։

Բնաբանը ինչպէս կը տեղեկացնէ Արժանթինի կաթողիկէ եկեղեցին, ներշնչուած է Ֆրանչիսկոս Պապին, 2015-ի Յուլիսին, Էքուատորի մէջ ներկայացուցած մէկ խորհրդածութենէն, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը հաստատած էր ''մեր ընկերութիւնը յաղթական `է երբ ամէն մէկ անձ, ամէն մէկ ընկերային խմբաւորում, ինքզինք կը նկատէ իր տան մէջ. Ընտանիքի մը մէջ, ծնողները, մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, մանուկները, մաս կը կազմեն տունին. Ոչ մէկը բացառուած է''։

''Զօրակցութեան այս քարոզարշաւի ընթացքին պիտի ցուցադրուին պատկերներ ու վկայութիւններ, բացայայտելու համար բազմաթիւ կամաւորներու աշխատանքը, որոնք մեծ ուրախութեամբ եւ յոյսով, իրենց նուիրական ծառայողութիւնը կը մատուցեն, օգնութեան հասնելու համար ուրիշներուն'' կը յայտնէ Արժանթինի Քարիթասը որուն մաս կը կազմեն աւելի քան 32 հազար կամաւորներ, որոնք կը ծառայեն 3,500 ժողովրդապետութիւններու մէջ, նպատակակէտ ունենալով` շօշափելի պատասխան տալ աղքատութեան երեւոյթին ու զարգացնել կարեւոր արժէքներ` ինչպիսի են մարդկային արժանապատուութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.