Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ «Մանչեսթըր եունայթըտ»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան Եւրոպա լիկայի բաժակը նուաճելէ ետք ՈւԵՖԱ-ի պաշտօնական կայքին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ այս գաւաթը մեծ նշանակութիւն ունի իրեն համար:
«Շատ ուրախ եմ ոչ միայն յաղթանակի, այն նաեւ այն բանի համար, որ կրցայ կոլ խփել։ Ատիկա մեծ նշանակութիւն ունի իմ եւ իմ հայրենիքիս համար»,- ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ եզրափակիչին «Մանչեսթըր եունայթըտ»-ը 2:0 հաշիւով յաղթեց «Այաքս»-ին: «Մանկունեացիներու» կազմին մէջ երկրորդ կոլը հեղինակած է Հայաստանի հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան:
All the contents on this site are copyrighted ©. |