2017-05-25 10:08:00

Ճենովա քաղաքի Աւագ Թեմը կը սպասէ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 27 մայիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը միօրեայ հովուական այցելութիւնը կը կատարէ դէպի Ճենովա ուր յատուկ ուխտագնացութիւն պիտի կատարէ Եւրոպայի ամենահռչակաւոր Մարեմեան Սրբավայրերէն մէկուն ` ''Madonna della Guardia -  Պահապան Տիրամօր Սրբավայր'', ուր Աստուածամայրը երեւեցած էր մէկ խոնարհ հողագործի մը`  29 օգոստոս 1490, անորմէ խնդրելով որ իրեն ի պատիւ աղօթատեղի մը կառուցուի այդ վայրին մէջ։

Սրբավայրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում պիտի ունենայ երիտասարդներուն հետ, ապա կէսօրուան ճաշը պիտի բաժնեկցի աղքատներու, բանտարկեալներու, գաղթականներու ու մարդավաճառութեան թիրախ անձերու հետ։

Սրբավայրին Աբբահայր գերապայծառ Մարքօ Կրանարա Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, յայտնեց թէ ամէն տարի ''պահապան Տիրամօր'' սրբավայրը կ՛այցելեն աւելի քան կէս միլիոն ուխտաւորներ։

Ճենովա կատարելիք հովուական այցելութեան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ, 24 մայիսին, "Radio fra le note" անուամբ, Հայր Ռոպերթօ Ֆիշերի հիմնած Ռատիոկայանի միջոցաւ, կապ հաստատեց  Ճենովայի ''Կազլինի'' մանկաբուժարանի մանուկներուն հետ, աղօթելով եւ անոնց ուղղելով հակիրճ պատգամ մը, ժամադրութիւն տալով յառաջիկայ շաբաթ օրուայ, երբ Նորին Սրբութիւնը յատուկ այցելութիւն պիտի տայ մանկաբուժարանին, հանդիպելով այնտեղ խնամուած անչափահասներուն հետ։

''Կազլինի'' հիւանդանոցի նախագահ Տիար Փիեթրօ Փոնճիլիոնէ ընդգծած է թէ հիւանդանոցին առաքելութեան առանցքը կազմած է ու կը կազմէ` մարդ անհատը եւ արտայայտուելով Սրբազան Քահանայապետին այցելութեան մասին ըսած է ''Թէեւ պիտի ուզենայի շատ բաներ ըսել Ֆրանչիսկոս Պապին, սակայն ժամանակի պակասի բերումով, Անոր պիտի ըսեմ պարզապէս շնորհակալութիւն։ Ան մեր հետ պիտի աղօթէ որովհետեւ մենք աղօթքի պէտք ունինք եւ այս մէկը պիտի հանդիսանայ այցելութեան ամէնէ յատկանշական պահը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.