2017-05-24 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 24 մայիսի թուիթը. ''Չինաստանի ի սպաս աղօթքի օր''


(Ռատիօ Վատիկան) Չինաստանի  համար աղօթքի օրուան առիթով, չորեքշաբթի, 24 մայիս  2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ խրախուսեց հաւատացեալները աղօթելու Չինաստսանի կաթողիկէներուն հետ միասին հրաւիրելով ապաւինիլ Սուրբ Կոյս Մարիամին, ընդունելու համար` համբերութեամբ հանդուրժելու ու դժուաութիւնները սիրով յաղթահարելու շնորհքը։

''Աղօթենք Չինաստանի կաթողիկէներուն հետ միասին, ապաւինինք Մարիամին, ընդունելու համար շնորհքը` համբերութեամբ հանդուրժելու եւ սիրով յաղթահարելու դժուարութիւնները'' գրեց Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.