2017-05-24 08:25:00

Նախագահ Սարգսեան ցաւակցած է Բրիտանիոյ Վարչապետ Թերեզա Մէյին


Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղած է  Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյին` Մանչեսթըրի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան առիթով:

«Կորուստի այս դժուար պահուն իմ զօրակցութիւնս կը յայտնեմ ձեզի, Բրիտանիոյ բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու ընտանիքներուն` մաղթելով ուժ եւ ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում: Հայաստանը խստօրէն կը դատապարտէ նման անմարդկային գործողութիւններ եւ վճռական է միացեալ ուժերով շարունակելու պայքարը բռնութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ», նշուած է նախագահի ցաւակցական հեռագիրին մէջ:

 

«Իսլամական Պետութիւն»ը ստանձնեց Անգլիոյ մէջ 22 զոհ խլած ահաբեկչութեան պատասխանատուութիւնը

ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ, «Պի.Պի.Սի.».- Մայիս 23ին, «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը ստանձնեց Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքի մարզահամերգային համալիրի մուտքին, Մայիս 22ի գիշերը կատարուած անձնասպանական յարձակումին պատասխանատուութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք առնուազն 22 հոգի սպաննուեցաւ եւ 59 ուրիշներ վիրաւորուեցան։ Զոհերու շարքին էր նաեւ ութամեայ աղջնակ մը։

Ոստիկանութեան նախնական տուեալներով՝ ոճրագործը եղած է 22ամեայ երիտասարդ մը, որ Մանչեսթըր ծնած է եւ զաւակն է Լիպիայէն ներգաղթողներու։ Մինչ կ՛ենթադրուի, որ յարձակողը ինքնագլուխ գործած է, հետաքննութիւնը կը շարունակուի եւ արդէն իսկ 23ամեայ երիտասարդ մը ձերբակալուած է՝ քաղաքի հարաւային արուարձաններուն մէջ։

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յարձակումը որակեց՝ «սարսափելի ահաբեկչական արարք»:








All the contents on this site are copyrighted ©.