2017-05-23 10:41:00

Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350ամեակի տօնակատարութիւն Սիտնիի մէջ


Համագործակցութեամբ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց թեմի առաջնորդարանին եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ անոր Գրական գեղարուեստական յանձնախումբին, Սիտնիի մէջ, Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն նշուեցաւ Աստուածաշունչի առաջին հայերէն տպագրութեան 350ամեակը: Այս յատուկ առիթով, որպէս գլխաւոր բանախօս հրաւիրուած էր Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն դոկտ. Տիգրան Զարգարեանը:

28 Ապրիլին, հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեանի եւ ներկայութեամբ Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հարիւրէ աւելի հայորդիներու տեղի ունեցաւ առաջին ձեռնարկը Ռայտ արուարձանի Արուեստի վարժարանի սրահին մէջ, հանդիսավարութեամբ Լիլիք Կոտոյեանի:

Բացման եւ բարի գալուստի խօսք արտասանեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիգէն Գալլօղլեան: Հայաստանի սփիւռքի նախարարի խորհրդատու Հանրիէթ Անդրիասեան կարդաց նախարար Հրանուշ Յակոբեանի շնորհաւորանքի խօսքը:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը։

Իր բանախօսութեան մէջ դոկտ. Զարգարեան տուաւ ընդհանուր ծանօթութիւն հայ տպագրութեան մասին եւ մասնաւորեց Աստուածաշունչի տպագրութիւնը որպէս կարեւոր ազգային եւ միջազգային իրադարձութիւն: Ուղղուած բազմաթիւ հարցումներուն դասախօսը տուաւ սպառիչ պատասխաններ եւ բաւարարեց ներկաները:

Փակման խօսքը եւ աղօթքը կատարեց առաջնորդ սրբազանը:

Կազմակերպիչներուն կողմէ պատրաստուած էր հնատիպ գիրքերու ցուցահանդէս մը, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:

Մայիս 3ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ երկրորդ ձեռնարկը Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանի սրահներէն մէկուն մէջ, հիւրընկալութեամբ նահանգապետուհի Կլատիս Պէրէճիքլեանի: Ներկայ էին հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ աւելի քան վաթսուն ոչ-հայ հիւրեր՝ բարձրաստիճան կղերականներ, քաղաքական անձեր, իրաւաբաններ եւ հայ ու աւստրալական մամուլի պատասխանատուներ:

Հանդիսավարն էր Վիգէն Գալլօղլեան, որ իր բացման խօսքին մէջ տուաւ հակիրճ տեղեկութիւն հայկական տպագրական մշակոյթին մասին:

Նահանգապետուհի Կլատիս Պէրէճիքլեան, ողջունելէ ետք ներկաները՝ հպարտանքով անդրադարձաւ 350ամեայ հայերէն առաջին Աստուածաշունչին կարեւորութեան, ապա ներկայացուց  բանախօս դոկտ. Զարգարեանը: Դոկտ. Զարգարեան անգլերէնով իր բանախօսութեան ընթացքին շեշտը դրաւ 5000 օրինակով Ոսկան Երեւանցիի Ամսթերտամի մէջ տպած առաջին հայերէն Աստուածաշունչի կարեւորութեան վրայ, վեր առաւ Երեւանցիի զոհողութիւնը եւ Ամսթերտամի խաղացած կարեւոր դերը  անոր յաջողութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.