2017-05-23 10:31:00

«Աւրորա» մրցանակի առաջին դափնեկիր Մարգարիտ Պարանկիցէն Արցախ է


«Ազատ Արցախը ողջունեց «Աւրորա»-ի 2016-ի դափնեկիրը` Պուրունտիի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ շուրջ 30,000 երեխայի կեանք փրկած Մարգարիտ Պարանկիցէն, որ վաղը հանդիպումներ պիտի ունենայ Արցախի տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ:  Ան հանրութեան պիտի պատմէ իր անցած ուղիին, երախտագիտութեան կարեւորութեան ու սիրոյ յաղթանակի մասին` մարդասիրութեան ալիքը տարածելով ամբողջ Արցախի մէջ: #AuroraPrize #GratitudeInAction»,- ըսուած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Մայիս 20-ին, Մարգարիտ Պարանկիցէ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր բացուած է Աւրորա Մարտիկանեանին նուիրուած յատուկ ցուցասրահ: Տիկին Պարանկիցէ գրեց  պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ եւ ծաղիկներ խոնարհեց անմար կրակին մօտ: Ան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի պուրակին մէջ ծառ տնկեց` ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի նահատակներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.