2017-05-22 08:14:00

Ռայի Պատրիարք. ''Ժողովուրդը մտահոգ է եւ իր ապագային նկատմամբ մտավախութիւններ կ՛ապրի''։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին աղօթեց շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ի խնդիր, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն եւ իշխանութիւններուն փութալու ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու:

«Ժողովուրդը մտահոգ է եւ իր ապագային նկատմամբ մտավախութիւններ կ՛ապրի: Ժողովուրդը կարիքը ունի քաղաքական խաղաղութեան, տնտեսական խաղաղութեան, ապահովական խաղաղութեան եւ սնունդի խաղաղութեան», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.