2017-05-22 09:35:00

«Միջին արեւելքի պետութիւնները պէտք է գիտնան, որ Ամերիկան իրենց փոխարէն թշնամին պիտի չճզմէ»Թրամփ


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իսլամական-ամերիկեան վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ սէուտական-ամերիկեան յարաբերութիւններու նոր փուլի մը սկսիլը բոլորին բարիք պիտի բերէ: Ան ըսաւ, որ վեհաժողովին մասնակից երկիրներու ղեկավարներուն յանուն ամերիկացի ժողովուրդին կ՛ուղղէ բարեկամութեան, յոյսի եւ սիրոյ պատգամ մը: «Այս ժողովը աշխարհին համար մեր հասարակաց վճռակամութեան ու փոխադարձ յարգանքին խորհրդանիշն է», ըսաւ ան:

«Մեր տեսլականը այս շրջանին ու ամբողջ աշխարհի մէջ խաղաղութիւնը, ապահովութիւնն ու բարգաւաճումն է», յայտարարեց Թրամփ` նշելով. «Այստեղ գտնուող մեր դաշնակիցներուն անվտանգութիւնը ամրապնդելու համար զինուորական հոյակապ բաներ պիտի կատարենք»:

«Զինուորական համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ, որ սէուտական բանակը ստանձնէ աւելի մեծ դերակատարութիւն», ըսաւ ան` նշելով, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ ստորագրուած է շուրջ 400 միլիառ տոլար արժողութեամբ համաձայնագիրներ:

«Այս գիշեր պատմական քայլ մը պիտի առնենք` Ռիատի մէջ բացումը կատարելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կեդրոնին», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը` աւելցնելով. «Այստեղ չենք եկած դասախօսութիւններ տալու, այլ պարտութեան մատնելու ահաբեկչութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը»: Ան նաեւ յայտարարեց. «Այսօրուան մեր ժողովը Միջին Արեւելքի մէջ եւ աշխարհի տարածքին խաղաղութեան սկիզբն է»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ զգուշացուց. «Միջին Արեւելքի պետութիւնները պէտք է գիտնան, որ Ամերիկան իրենց փոխարէն թշնամին պիտի չճզմէ»: «Ամերիկան պատրաստ է ձեր կողքին կանգնելու, սակայն ձեր փոխարէն թշնամին պիտի չճզմէ», ընդգծեց ան:

Ան ըսաւ, որ ՏԱՀԵՇ-ը, Քայիտան, Հըզպալլան ու Համասը ահաբեկչութեան տարբեր ձեւերն են` աւելցնելով. «Կրօններու եւ յարանուանութեանց միջեւ պատերազմի մէջ չենք, այլ` բարիքի ու չարիքի միջեւ»: «Հըզպալլայի սպառնալիքը կը նկատենք ահաբեկչական սպառնալիք մը», շեշտեց ան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը շեշտեց, որ Իրան շրջանին մէջ քաոս ու աւերում կը տարածէ եւ պատասխանատու է Լիբանանի, Իրաքի եւ Եմէնի մէջ կայունութեան քայքայման, ինչպէս նաեւ ահաբեկիչները կը ֆինանսաւորէ ու կը մարզէ: Ան ըսաւ, որ բոլորը պէտք է մեկուսացնեն Իրանը:

«Պէտք է արգելք հանդիսանանք, որ Իրան ֆինանսաւորէ ահաբեկչութիւնը, եւ Ասատ իշխանութեան վրայ մնաց  Թեհրանի աջակցութեան պատճառով», ըսաւ Թրամփ:

Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը իր կարգին յայտարարեց, որ Իրան «Խումէյնիի յեղափոխութենէն ի վեր համաշխարհային ահաբեկչութեան պարագլուխն է»: Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը իր կարգին նշեց, որ իրանեան վարչակարգը, Հըզպալլան, Անսարուլլահ շարժումը եւ Քայիտան իրարու նման են:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.