2017-05-21 13:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտարարեց հինգ նոր կարդինալներու նշանակումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 21 Մայիս 2017-ի Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յայտարարեց թէ յառաջիկայ 28 Յունիս 2017-ին պիտի գլխաւորէ Կարդինալական ժողով մը որուն առթիւ պիտի անուանէ հինգ նոր կարդինալներ։

''Հինգշաբթի 29 Յունիսին, Սուրբ Պետրոս ու Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ, նոր կարդինալներու ու կարդինալական դասի անդամներուն­, ինչպէս նաեւ նոր նշանակուած Արքեպիսկոպոսներուն ու եպիսկոպոսներուն հետ միասին­, պիտի մատուցեմ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը'' ըսաւ ապա Քահանայապետը ու թուեց նոր կարդինալներու անուններ.

Գերապայծառ Jean Zerbo, Մալիէն` Պամաքոյի-ի Արքեպիսկոպոս.

Գերապայծառ Juan José Omella, Սպանիայէն`Պարսելոնայի-ի Արքեպիսկոպոս.

Գերապայծառ Anders Arborelius, Շուէտէն`  Սթոքհոլմի Եպիսկոպոս

Գերապայծառ  Louis-Marie Ling Mangkhanekhoun, Լաոսի մէջ առաքելական փոխանորդ

Գերապայծառ  Gregorio Rosa Chávez, Էլ Սալվատորէն, Սան Սալվատորի թեմին օգնական եպիսկոպոս։

Այս նոր կարդինալները յանձնենք Սուրբ Պետրոսի ու Սուրբ Պօղոսի հովանիին, որպէսզի առաքեալներու իշխանի բարեխօսութեամբ­, անոնք ըլլան իսկական ծառայողներ եկեղեցւոյ հաղորդութեան ու ըլլան աշխարհի մէջ Աւետարանի ուրախ աւետողները եւ իրենց վկայութեամբ ու իրենց խորհուրդներով թիկունք կանգնին իմ Հռոմի Եպիսկոպոսի ու Տիեզերական Հովիւի ծառայական պարտականութեանս։








All the contents on this site are copyrighted ©.