2017-05-20 09:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապ անակնկալ այցելութիւններ կատարեց Հռոմի մէջ կարգ մը ընտանիքներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շարունակելով «Ողորմածութեան Ուրբաթ օրուան» սովորութիւնը , փափաքեցաւ նաեւ Մայիս ամսոյն մէջ ցուցաբերել նշաններ՝ ներշնչուած մարմնական եւ հոգեւոր ողորմածութեան արարքներէ, որոնց անդրադարձած էր Ողորմածութեան Յոբելինական տարւոյն մէջ։ Ուրբաթ, Մայիս 18-ին՝ յետմիջօրէին, ինչպէս կը յայտնէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, Սրբազան Պապը դուրս եկաւ Վատիկանէն եւ ուղղուեցաւ դէպի Օսթիա՝ մօտ գտնուելու Հռոմի արուարձաններուն մէջ բնակող ընտանիքներուն, եւ օրհնելու անոնց բնակարանները, ինչպէս սովոր են կատարել ժողովրդապետները զատկական շրջանին։ Հ. Փլինիօ Փոնչինա, Սթելլա Մարիսի ժողովրդապետը, երկու օր առաջ յայտարարած էր թէ պիտի այցելէ ընտանիքները եւ տնօրհնէք պիտի կատարէ։ Մինչ ընտանիքները կը սպասէին ժողովրդապետի ժամանումին, հիացմունքով գտնուեցան մեծ անակնկալի մը առջեւ, երբ իրենց դրան նկատեցին Սրբազան Պապը՝ փոխան ժողովրդապետին։ Սրբազան Հայրը ապա օրհնեց երկվեցեակ մը բնակարաններ եւ կատակելով՝ բնակիչներէն ներողութիւն խնդրեց որ խանգարած էր զանոնք, ապահովեցնելով թէ չէր ուզած խախտել բնակարաններու կարգաւորումը, որ կը սահմանէր յարգել յետմիջօրէի հանգիստի ժամերը։ Հռոմի քաղաքապետական տարածքին պատկանող Օսթիան ունի մօտ 100000 բնակիչներ։ Այնտեղ կը բնակի հաւատացեալներու կենսունակ հասարակութիւն մը, որ կʼապրի դժուարին պայմաններու մէջ, որոնք յատուկ են արուարձանային իրականութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.