2017-05-19 11:26:00

Իրանի մէջ այսօր կը կայանան նախագահական ընտրութիւններ


Իրանը այսօր կ՝ընտրէ իր նոր նախագահը: Համաձայն երկրի ՆԳՆ մամուլի հաղորդագրութեան` Մուսթաֆա Աղա Միրսալիմը, Իսհակ Ճահանկիրին, Հասան Ռուհանին, Իպրահիմ Ռայիսին, Մուհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆն ու Մուսթաֆա Հաշեմի Դապան այն թեկնածուներն են, որոնք հաստատուած են ընտրութիւններուն մասնակցելու համար: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, կը փոխանցէ IRNA գործակալութիւնը:

Ղալիպաֆը, սակայն, պաշտօնապէս աջակցած է Ռայիսիին եւ Մայիս 15-ին դուրս եկած է նախագահական մրցապայքարէն: Մայիս 16-ին, Ճահանկիրին պաշտօնապէս յայտարարած է պայքարը լքելուն մասին եւ աջակցած նախագահ Հասան Ռուհանիի թեկնածութեան:

Յաղթանակին համար թեկնածուն պէտք է հաւաքէ աւելի քան 50 տոկոս ձայն: Եթէ ոչ մէկ թեկնածու համապատասխան թիւով ձայներ չհաւաքէ, պիտի իրականացուի երկրորդ փուլ:

Իրանի 12-րդ նախագահական ընտրութիւնները արտերկրի մէջ բնակող Իրանի քաղաքացիներուն համար կը ծրագրուի իրականացնել 103 երկիրներու եւ 132 դեսպանութիւններու կամ հիւպատոսութիւններու մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.