2017-05-19 10:22:00

Արցախի հակամարտութիւնը կը պահանջէ շուտափոյթ կարգաւորում. Եւրոմիութիւն


«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում եւ կը պահանջէ շուտափոյթ քաղաքական կարգաւորում՝ միջազգային իրաւունքի համապատասխան», ըսուած է Մայիս 18ին Եւրոմիութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան խորագիրին մասնակից 6 երկիրներէն 5ը ներգրաւուած է հակամարտութիւններու մէջ:

«Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, նկատի ունենալով, որ ներկայ իրավիճակը անկայուն է», նշուած է յայտարարութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.