ՀՀԿի թեկնածու Արա Բաբլոյեան 88 թեր քուէով ընտրուեցաւ Ազգային ժողովի նախագահ:
Նոյն պաշտօնին համար «Ելք» դաշինքը առաջարկած էր իր թեկնածուն՝ յանձինս Էդմոն Մարուքեանի,
որուն օգտին քուէարկեցին 12 պատգամաւորներ, որոնցմէ երեքը՝ «Ծառուկեան» դաշինքէն: Նշենք,
որ «Ծառուկեան» դաշինքը նախապէս որոշած էր ԱԺ նախագահի պաշտօնին համար թեկնածու չունենալ
եւ ազատ ձգել իր անդամները՝ քուէարկելու իրենց նախընտրած թեկնածուին:
ՀՅԴ պատգամաւորները քուէարկեցին ՀՀԿի թեկնածուի օգտին:
105 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցեցան 100ը:
Արա Բաբլոյեան քուէարկութեան արդիւնքներու հրապարակումէն ետք մօտեցաւ Էդմոն Մարուքեանին
եւ սեղմեց անոր ձեռքը:
Բաբլոյեան ծնած է 1947ին, Երեւան: 1971ին աւարտած է Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական
բժշկական համալսարանի մանկաբուժական բաժինը: 1989ին երիկամի փոխպատուաստման ճիւղին մէջ
մասնագիտացած է Զուիցարիոյ եւ Պելճիքայի մէջ: Բժշկական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆեսէօր
է: 2003-2005 եղած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) Եւրոպայի տարածաշրջանային
կոմիտէի մշտական յանձնաժողովի անդամ:
1990ին հիմնած է Մանկական վիրաբուժութեան մասնագիտացուած կեդրոնը: 1991-1997 վարած
է Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնը:
2007-2012 ՀՀԿի ցուցակով ընտրուած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր:
2012ին դարձեալ պատգամաւոր ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ցուցակով:
3 գիւտի, 7 մենագրութեան, 200է աւելի գիտական յօդուածի հեղինակ է:
Ամուսնացած է, ունի երկու զաւակ:
Կարէն Կարապետեան Վարչապետ Վերանշանակուեցաւ
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հինգշաբթի, 18 Մայիսին ընդունեց Կարէն Կարապետեանի ղեկավարած
կառավարութեան հրաժարականը եւ նոյն օրը Կարապետեանը վերանշանակեց վարչապետի պաշտօնին:
Կառավարութեան անդամ նախարարները առայժմ կը շարունակեն
իրենց աշխատանքը իբրեւ ժամանակաւոր պաշտօնակատարներ, մինչեւ որ վարչապետը իր նոր կազմը
ներկայացնէ Ազգային ժողովի հաստատման: