2017-05-18 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը 'Huntington'' հիւանդութենէ տառապող անձերուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 18 մայիս 2017-ին, առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եւ յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Huntington'' հիւանդութենէ տառապող անձերուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու հիւանդութեամբ զբաղող բժիշկներուն ու մասնագէտներուն։

Ներկաներուն ուղղած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը  շնորհակալութիւն յայտնեց  յիշեալ  հանդիպումը իրականացնողներուն,  ապա ողջունելով բոլոր անոնք որոնք կը տառապին ''Huntington'' ու այլ  քիչ ծանօթ հիւանդութիւններէն  դիտել տուաւ,  թէ  '' երկար ժամանակի համար, վախերն ու դժուարութիւնները բնորոշեցին ''Huntington''  հիւանդութենէ վարակուած անձերուն կեանքը,  պատճառելով անհասկացողութիւններ, պատնէշներ, իսկական մեկուսացումներ եւ շատ մը պարագաներուն մէջ հիւանդներն ու անոնց ընտանիքները ապրեցան ամօթխածութեան եւ կղզցիացումի ու լքումի ողբերգութիւնը''։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ ''Այսօր հոս եկած ենք,  որպէսզի մենք մեզի եւ աշխարհին ըսենք ՝՝Ոչ երբեք թաքնուած'' ընդգծելով, թէ այս մէկը պարզապէս լոզունգ մը  չէ այլ  յանձնառում, որուն բոլորս կանչուած ենք դառնալու ռահվիրաներ, եւ որուն  բառերու բացականչումի ուժն ու համոզմունքը կը բխին Յիսուսի ուսուցումէն որ իր առաքելական կեանքի ընթացքին չի խուսափեցաւ հիւանդներուն հետ հանդիպումէն, կռելով անոնց ցաւերը, խորտակելով  մեկուսացումի պատնէշները, որոնք անոնցմէ շատերուն համար արգելք էին իրենք զիրենք յարգուած եւ սիրուած զգալու''   ըսաւ Սրբազան  Հայրը  եւ աւելցուց  ''Յիսուս մեզի ուսուցանեց,  որ մարդկային անձը միշտ թանկարժէք է,  միշտ օժտուած է արժանապատուութեամբ զոր ոչ մէկը եւ ոչ մի բան կարող է ոչնչացնել՝  ոչ իսկ հիւանդութիւնը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Սրբազան Հայրր իր խօսքին մէջ ընդգծեց թէ հիւանդութիւնը եւս կարող է ըլլալ հանդիպումի առիթ, բաժնեկցութեան  եւ աջակցութեան առիթ ապա խօսքը ուղղելով դահլիճի մէջ գտնուող  հիւանդներուն   ըսաւ ''ձեզմէ ոչ մէկը ինքզինք թող մինակ զգայ,  ոչ մէկը ինքզինք ծանրութիւն նկատէ, ոչ մէկը կարիքը զգայ փախուստ տալու։ Դուք Աստուծոյ աչքերուն թանկարժէք էք, եւ արժէքաւոր էք նաեւ եկեղեցւոյ աչքերուն''։

Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսքը ուղղեց հիւանդներուն ընկերացող հարազատներուն  յայտնելով,  ոը անոնք հիւանդներուն ուղեւորութեան ընկերներն են,  հայրեր, մայրեր, զաւակներ, եղբայրներ որոնք լռութեամբ ՝ սակայն արդիւնաբեր կերպով, կ՝ընկերանան անոնց դժուարին  ուղեւորութեան, ու քաջալերեց  հիւանդներուն հարազատները, իրենք եւս իրենք զիրենք  մինակ չզգալու,  հաստատելով թէ ''ընտանիքը,  կեանքի եւ արժանապատուութեան առանձնաշնորհեալ վայրն է  ուր՝ կարելի է համագործակցիլ,  կառուցելու համար աջակցութեան եւ զօրակցութեան համացանցը՝  որ միայն ընտանիքը  կարող է երաշխաւորել եւ որ առաջինն է որ կոչուած է զայն ապրելու։

Սրբազան Հայրը ողջունեց ապա դահլիճին մէջ գտնուող բժիշկները, առողջապահական գործիչները, ընկերակցութիւններու անդամները որոնք կը զբաղին ''Huntington'' հիւանդութեամբ գնահատելով անոնց անգին ծառայութիւնները  ապա Տիրոջմէ  հայցեց  որ օրհնէ անոնց  աշխատանքը մատնանշելով թէ  ''անոնք կը նմանին այն բազուկներուն, որոնց միջոցաւ   Աստուած  յոյս կը  ցանէ''։ Նորին Սրբութիւնը ի վերջոյ ողջունեց  նաեւ դահլիճին մէջ գտնուող գիտնականները, որոնք ուսումի եւ գիտական որոնումներու նուիրուածութեամբ,   ''Huntington'' հիւանդութեան բուժումի միջոցներ կը փնտռեն։   Ան  Օրհնեց նաեւ անոնց աշխատանքը, որմէ շատեր ակնկալիքներ ունին,  քաջալերելով զանոնք  միշտ յարատեւելու  այդ աշխատանքին մէջ զգոյշ ըլլալով ''մսխումի մշակոյթէն''։    

Ֆրանչիսկոս Պապ  իր խօսքը եզրափակեց խրախուսելով  որ  իւրաքանչիւրին կեանքը,  ըլլայ  ''Huntington'' հիւանդութենէ տառապողներունը,  ըլլայ  բոլոր անոնց որոնք ամէն օր յանձնառու են մօտիկ կանգնելու հիւանդներու ցաւերուն,  ըլլայ կենդանի վկայութիւնը՝ Քրիստոսի մեզի շնորհած յոյսին։

՝՝Նոյնիսկ տառապանքի ընդմէջէն կ՝անցնի բարիքի բեղուն ուղի մը,  որուն վրայէն կարող ենք միասին ընթանալ'' Յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ներկաներէն խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրենց համար, այնպէս ինչպէս ես ձեզի համար պիտի աղօթեմ ըսաւ ԱՆ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.