2017-05-18 08:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Հռոմի ''Սան Փիեր Տամիանի'' ժողովրդապետութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 17 մայիս 2017-ին, Հռոմի թեմը  հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ տեղեկացուց, թէ կիրակի 21 մայիս 2017-ին՝ յետմիջօրէին ժամը 4,00-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Հռոմի Casal Bernocchi շրջանի մէջ գտնուող  Սան Փիեր Տամիանի ժողովրդապետութիւն։

Ֆրանչիսկսո Պապ վերոյիշեալ ժողովրդապետութիւն ժամանումին, պիտի դիմաւորուի  Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինիին, Հռոմի թեմի հարաւային բաժանմունքի եպիսկոպոս գերապայծառ Փաուլօ Լօ Եուտիչէի եւ  ''Սան Փիեր Տամեանի'' եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` հայր Լուչիօ Քոփփայի կողմէ, որ 2005-էն ի վերէ կը վարէ  ժողովրդապետի պաշտօնը։

Նորին Սրբութիւնը Հռոմի ժողովրդապետութեան այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպումներ  պիտի ունենայ հիւանդներուն, ընտանիքներուն, 2017ին մկրտուած մանուկներուն ու անոնց ծնողաց հետ ինչպէս նաեւ Ժողովրդապետութեան հովուական խնամակալութեան գործիչներուն հետ։

Երեկոյեան ժամը 6,00-ին,  Ֆրանչիսկոս Պապ չորս հաւատացեալներուն խոստովանանքի խորհուրդը մատակարարելէ  ետք պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան, որով վերջ կը գտնէ հովուական այցելութիւնը։

Նշենք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապի Սան Տամիանօ ժողովրդապետութեան այցելութիւնը,  Հռոմի թեմի ժողովրդապետութիւններուն  շնորհած այցելութիւններուն 15-րդը  կը հանդիսանայ։  Ֆրանչիսկսո Պապ  երրորդ քահանայապետն է որ կ՝այցելէ Սան Տամիանօ հասարակութիւնը։ Առաջինը  եղած է Պօղոս Զ Պապը՝ 27 փետրուար 1972-ին, Սան Փիեր Տամիանոյի մահուան -9-րդ դարադարձին առիթով, մինչ՝  երկրորդ Պապը եղած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը՝ 13 մարտ 1988 ին։   

՝՝Ֆրանչիսկոս Պապի Սան Տամիանօ ժողովրդապետութեան այցելութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառած   եկեղեցւոյ հասարակութեան՝՝ յայտնած է Ժողովրդապետութեան հովիւ ՝Հայր Լուչիօ, որ տեղեկութիւններ  տալով ժողովրդապետութեան գործունէութեան մասին նշեց թէ  ժողովրդապետութիւնը քարիթասի բարեսիրական ծառայութիւն կը մատուցանէ 15 կամաւորներու միջոցաւ։

Արդարեւ, մէկ տարիէ ի վեր ժողովրդապետութեան մէջ,  ամէն ամիս  երկու անգամ՝ շաբաթ օրերը, ճաշ կը բաշխուի, Հռոմի արուարձաններէն ժամանող  աւելի քան 50 կարիքաւորներուն՝ որոնց շարքին կան նաեւ ամուսնալուծուած այրեր։  

Ժողովրդապետութիւնը ունին զբօսավայր մը ուր ամէն կիրակի օր Սուրբ Պատարագին արարողութեան աւարտին  50 մանուկներ իրենց ժամանակը կ՛անցնեն։ 

Մինչ ամառուան շրջանին, ժողովրդապետութեան զբօսավայրը  ամբողջ ամիս մը  բաց կը մնայ մանուկներուն, շնորհիւ խանդավառիչ երիտասարդներուն պատրաստակամութեան։   

8 յունիս 2002 թուականէն ի վեր,  եկեղեցւոյ օծման տարեդարձի առիթով, ամէն տարի նոյն  թուականին,  չորս օրեր ամբողջ  կը նշուի ժողովրդապետութեան տօնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.