2017-05-17 09:36:00

Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Քաթարի գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ


Պաշտօնական այցելութեամբ Քաթար գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 15 մայիսի երեկոյեան հանդիպում ունեցած է Քաթարի հայկական գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանրապետութեան նախագահը հանդէս եկած է ողջոյնի խօսքով` նշելով, որ ուրախ է Քաթարի նորակազմ, փոքրաթիւ, բայց ամրակուռ հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում ունենալու այս կարելիութեան համար: Սերժ Սարգսեան ողջունելի նկատած է այն, որ ապրելով եւ արարելով Քաթարի մէջ, գաղութը իր ներդրումը կը բերէ այդ երկրի զարգացման` փորձելով պահպանել հայկականութիւնն ու հայեցի ոգին: Այս իմաստով նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատած է «Մեսրոպեան» միօրեայ վարժարանին դերակատարութիւնը:

Նման պայմաններու մէջ, ըստ նախագահին, նորովի կ՛արժեւորուի Ծոցի արաբական երկիրներուն մէջ հայկական գաղութներու գոյութիւնն ու բարգաւաճումը: Սերժ Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ հայ-քաթարական երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ կայ չօգտագործուած մեծ ներուժ, եւ տեղւոյն հայկական համայնքին աջակցութեամբ պէտք է ջանքեր գործադրել` նոր բովանդակութիւն հաղորդելու այդ յարաբերութիւններուն:

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին` ներկայացնելով հայկական կողմին դիրքորոշումները եւ անոր մէջ ներկայիս առկայ մտահոգութիւնները: «Այսօր ալ ի լուր աշխարհի կը յայտարարեմ, որ գնահատելով խաղաղութեան արժէքը, մենք երբեք չենք երկնչիր միասնական բռունցք դառնալու եւ տէր կանգնելու արցախահայութեան արդարացի պահանջին, ինչպէս ատիկա ըրած ենք քառորդ դար առաջ, ինչպէս ատիկա ըրինք անցեալ տարուան ապրիլին», ընդգծած է նախագահը:

Սերժ Սարգսեան խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին:

Ան խօսած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին` շեշտելով, որ ասիկա նոր սկիզբ է, որ աւելի պարտաւորեցնող է: «Մենք նոր եռանդով պիտի լծուինք մեր երկիրին մէջ բարեփոխումներու իրականացման` այս գործընթացին մէջ ապաւինելով նաեւ ձեր ներուժին, ձեր իմացութեան, ձեր տաղանդին: Չէ՞ որ մեր նպատակը նոյնն է` հզօր եւ կայուն Հայաստան ունենալը: Ինչպէս պատմութեան բոլոր փուլերուն, այսօր ալ հայ ժողովուրդի յարատեւման ու զարգացման կարեւորագոյն երաշխիքը մեր միասնականութիւնն է», շեշտած է նախագահ Սարգսեան:

«Ուրեմն, եկէ՛ք մեր բոլոր ջանքերը, ուժն ու եռանդը, կարողութիւններն ու տաղանդը ներդնենք զարգացնելու եւ հզօրացնելու հայոց պետութիւնը` ո՛չ միայն հայ մնալով ու գալիք սերունդները իբրեւ հայ դաստիարակելով, ո՛չ միայն ազգանուէր ու հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալելով, այլ նաեւ տնտեսական ծրագիրներու նախաձեռնելով եւ զանոնք իրականացնելով` նոյնիսկ եթէ անոնք փոքր են», կոչ ուղղած է Հայաստանի նախագահը:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.