2017-05-17 08:44:00

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Հիւսիսային Քորէայի հրթիռի նոր փորձարկումը


ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը խստիւ դատապարտեց 14 մայիսին Հիւսիսային Քորէայի կողմէ բալիսդրական հրթիռի նոր փորձարկումը, ինչպէս նաեւ զգուշացուց հետագայ փորձարկումներուն հակազդելու հաւանականութենէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութիւնը:

Չինաստանի կողմէ ներկայացուած եւ միաձայնութեամբ որդեգրուած որոշումին մէջ կ՛ընդգծուի, որ Հիւսիսային Քորէան պէտք է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերուն հիմամբ «հրաժարի հետագայ հիւլէական եւ բալիսդրական հրթիռներու փորձարկումներէն», ինչպէս նաեւ դադրեցնէ «բարձր աստիճանի ապակայունացնող գործելակերպը»:

Հակառակ պարագային, Ապահովութեան խորհուրդը հարկադրուած պիտի ըլլայ որդեգրել այլ քայլեր, ներառեալ` խստացնել Փիոնկեանկի դէմ արդէն իսկ հաստատուած պատժամիջոցները:

Ապահովութեան խորհուրդի անդամները նաեւ նշած են հիւսիսարեւելեան Ասիոյ մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` Հիւսիսային Քորէան յորդորելով «շօշափելի միջոցառումներ որդեգրել ճամբով` անկեղծութիւն դրսեւորել հիւլէական զէնքերէ ձերբազատման նկատմամբ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.