2017-05-17 09:46:00

Թուրքիոյ մէջ դարձեալ նախարարութիւններու աշխատակիցներ ձերբակալուած են


Անգարայի հանրապետական դատախազութիւնը կիւլենականներու դէմ ընթացող հետաքննութեան ծիրին մէջ նախարարութիւններու աշխատակիցներ ձերբակալելու մասին որոշումներ որդեգրած է: Այս մասին կը հաղորդէ, թրքական «Հիւրիյէթ» օրաթերթը:

Մասնաւորաբար որոշուած է ձերբակալել ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան ու անոր առնչուած կառոյցներու 60 աշխատակից, ինչպէս նաեւ ազգային կրթութեան նախարարութեան մէջ աշխատող 25 մանկավարժ: Յայտնի դարձած է, որ անոնք «ՊայԼոք» ծրագիրի օգտատէր են:

Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ-ը,  նախապէս վերծանած էր «ՊայԼոք» յաւելուածը, ենթադրաբար, որուն միջոցով կը հաղորդակցին կիւլենական շարժումի անդամները: Ըստ ՄԻԹ-ի տուեալներուն, ծրագիրին միջոցով հաստատուած է Կիւլենի 53 հազար կողմնակիցի ինքնութիւնը:

Ներկայիս ձերբակալուած են կասկածեալներէն 40-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.