2017-05-16 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորական հեռագիրը Ֆրանսայի նորընտիր Նախագահին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 16 Մայիս 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը շնորհաւորական հեռագիր յղեց Ֆրանսայի Նորընտիր նախագահ Էմմանուել Մաքրոնին որուն մէջ գրեց. ''Կը շնորհաւորեմ Ձեզ՝ Ձեր պաշտօնի ստանձնման առիթով՝ իբր Նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան, եւ կʼուղարկեմ Ձեզի սրտագին մաղթանքներ Ձեր բարձր պաշտօնի կատարման համար՝ մատուցուած Ձեր բոլոր հայրենակիցներու ծառայութեան։ Կʼաղօթեմ Աստուծոյ, որ օգնէ Ձեզի, որպէսզի Ձեր երկիրը՝ հաւատարիմ իր բարոյական աւանդոյթներու հարուստ բազմազանութեան եւ իր հոգեւոր ժառանգութեան, որ բնորոշուած է նաեւ քրիստոնէական աւանդոյթով, միշտ հոգ տանի կերտելու աւելի արդար եւ եղբայրական ընկերութիւն մը։ Որպէսզի, յարգելով տարբերութիւնները եւ ուշադրութիւն շնորհելով այն մարդոց՝ որ անկայուն վիճակի մէջ են եւ բացառուած, նպաստէ համագործակցութեան եւ զօրակցութեան՝ ազգերու միջեւ։ Որպէսզի Ֆրանսան, Եւրոպայի եւ աշխարհի մէջ, շարունակէ աջակցիլ խաղաղութեան եւ հասարակաց բարիքի, կեանքի հանդէպ յարգալիր կեցուածքի ինչպէս եւ իւրաքանչիւր անհատի եւ բոլոր ժողովուրդներու արժանապատուութեան պաշտպանութեան հետապնդումին։ Ձեր անձին եւ Ֆրանսայի բոլոր բնակիչներուն համար ամբողջ սրտով կ՛աղերսեմ Տիրոջ օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.