2017-05-16 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Իտալացի ոտնագունդի մարզիկներուն ''Եղէք հաւատարմութեան օրինակ''։


(Ռատիօ Վատիկան) «Իտալական Բաժակի» վերջին մրցոյթի նախօրեակին, Երեքշաբթի Մայիս 16-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը առաքելական պալատին մէջ ընդունեց ախոյանութեան մրցոյթի աւարտական դիրք հասած, իտալացի Եուվենթուս եւ Լացիօ խումբերու ոտնագունդի մարզիկներ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Իտալիոյ Ոտնագնդակի Դաշնութեան նախագահը, որ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապին։

Այս առթիւ անոնց ներկայացուցած պատգամին մէջ Սրբազան Պապը նկատեց, թէ այս երկու խումբերը սիրուած են մարզիկներու կողմէ, եւ ասոր համար կարեւոր պարտականութիւն մը ունին՝ ըլլալու մարզական արժէքներու վկաներ։ Յիշեցուց, թէ մարմնամարզը կարեւոր է մեր ժամականներուն համար։ Նկատի առնելով, որ ոտնագնդակը մեծ խանդավառութիւն կը յառաջացնէ յատկապէս երիտասարդներու մօտ, մարզիկները ունին կարեւոր պատասխանատուութիւն մը, որովհետեւ անոնք որոնք ախոյանութեան կը հասնին, կը վերածուին կողմնորոշումի կարեւոր դէմքերու։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր մրցոյթը հաւասարակշռութեան, վարպետութեան եւ կանոններու պահպանումի փորձ մըն է։ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ մարզիկները ըլլան հաւատարմութեան, անկեղծութեան, համերաշխութեան եւ մարդկայնութեան վկաներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ աննկատ չթողուց, թէ մարզադաշտերու մէջ երբեմն կը կատարուին նաեւ վայրագութիւններ, որոնք կը խաթարեն մրցոյթի ընթացքը եւ ժողովուրդի առողջ հաճոյքը։ Ապա մաղթեց, որ մարզիկները իրենց կարելիութեան սահմաններէն ներս օգնեն, որ պահպանուի մարզական ոգին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.