2017-05-16 08:10:00

Մարեմեան Խոկումներ. Լիբանանի Զմմառու Վանքի Ցաւագին Տիրամօր Մատուռը (1940)


Զմմառու Վանքի միաբանները, գլխաւորութեամբ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի, կը կանգնեն մատուռ մը 1940ին, որպէս յատուկ կայք հրաշագործ պատկերին: Որպէս երախտագիտութիւն Ցաւագին Տիրամօր ցուցաբերած հրաշապատում պաշտպանութեան Վանքին եւ Միաբանութեան հանդէպ՝ իրենց ալեկոծ օրերուն մէջ, Ճարտարապետ Յարութիւն Աւետեանի կը յանձնուի գործի կատարումը: Այսօր իսկ, բազմաթիւ արգադիր նուէրներ կը զարդարեն մատրան որմերը. Լուռ հրաշքներու անխօս վկաներ:
Ցաւագին Տիրամօր պատկերը ունի 48x56 չափ: Գործն է անյայտ արուեստագէտի մը: Արուեստէ հասկցող ամէն անձ կը հիանայ անոր գեղարուեստական կատարելութեան վրայ:

Նուէրն է սպանցի կարդինալ Հայասէր Բելլուղայի, որ զայն խոստացաւ Աբրահամ Արծիւեանի տալ ին մահէն ըտք, մինչ Հռոմ կը գտնուէր 1742ին: Կարդինալը վախճանեցաւ 1743ին սկիզբները: Արծիւեան թանկագին նուէրը իր հետ բերաւ Քրէյմի Անտոնեան վանքը: Անոր մահէն ետք, Յակոբ Պետրոս Բ. իր հետ տարաւ «նոր Վանք» (այսպէս կը կոչուէր Զմմառի վանքը) որպէս յիշատակ Հիմնադիրէն եւ շարունակութիւն Ս.Կոյսի պաշտպանութեան:
«Արուեստի իսկական հրաշալիք մը: Նկարիչներ հեռաւոր երկիրներէ, նոյնիսկ Եւրոպայէն եկած են այս գլուխ գործոցը տեսնելու համար: Անոնք երկար ժամանակ հիասքանչ ու մագնիսացած մնացած են անոր առջեւ ծնրադիր: Կարելի չէ նկարագրել եւ թուղթի յանձնել այն միստիք ու վերացնող զգացումը զոր մարդ կ՛ունենայ ի տես արուեստի այս Հրաշալիքին»:

Այստեղ կ'արժէ արագ ակնարկով անդրադառնալ մեծ հրաշքներուն.
1802ին կայծակը կը խորտակէ վանքի եկեղեցիին գմբեթը, ջախջախելով ամէն ինչ որ կը գտնուէր գմբէթին տակ, եկեղեցիին մէջ: Անվթար կը մնայ միայն Պատրիարքական գահը, որուն վրայ զետեղուած էր Տիրամօր պատկերը: Այդ օրէն սկսեալ, շուրջի բնակիչները զայն կը կոչեն «Կայծակի Աստուածածին»:
Հրաշագործի համբաւը, այդ օրերէն սկսած, հետզհետէ կը տարածուի նախ շրջակայքը, ապա ամբողջ Լիբանանը եւ Լիբանանէն դուրս վայրերու մէջ: Զմմառու Տիրամայրը կը դառնայ անյոյս դատերու պաշտպան: Բազմաթիւ հրաշապատում դէպքեր արձանագրուած են գրաւոր թէ բերանացի: Անոնցմէ մէջբերենք հետեւեալները.
1938ին, Յունուար 25ին, Տոքթ. Թուֆիք Սալիպա, 42 տարեկան, ծանրապէս վարակուած կրկին Թոքատապէ, երիկամնատապէ եւ սրտի դնդերատապէ, մահամերձ է: Ինը բժիշկներ հիւանդին վիճակը կը յայտարարեն շատ վտանգաւոր:
Հիւանդը մեծ հաւատքով կը դիմէ Զմմառի Ս. Կոյսին:
Յանկարծ ձեղունէն եկող շշուկ մը կը լսէ եւ բացատրութիւն կ՛ուզէ քովը կեցող երկու հիւանդապահուհիներէն: Երբ քիչ մը ետք շշուկը կրկին կը լսուի, հիւանդը վեր նայելով կը տեսնէ Տիրամայրը, ճիշդ Զմմառի պատկերին պէս, որ իրեն կ՛ըսէ – «Ես Զմմառի Տիրամայրն եմ»: Ապա հիւանդին թեւէն բռնելով, կը յարէ. «Բժիշկները ըսին թէ դուն մահմերձ ես, բայց ես պիտի չթողում որ դուն մերնիս: Դուն պիտի առողջանաս: Այլեւս դեղ առնելու պէտք չունիս: Վաղն առաւօտ ջերմաստիճանդ պիտի իջնէ 38.5ի եւ Հաննա Էլ Հաճ Գերապայծառը քեզի այցելութեան պիտի գայ»:
Երկրորդ օրը հիւանդը բժշկուած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.