2017-05-16 08:41:00

Հրապարակուեցաւ Քահանայապետին Ճենովայի հովուական այցելութեան յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 27 մայիս 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  միօրեայ հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Ճենովա։

Նորին Սրբութիւնը Վատիկանէն կը մեկնի առաւօտեան կանուխ ուղղուելով Չամփինօ օդակայան որտեղէն օդանաւով կը փոխադրուի Ճենովա ուր ժամանումը նախատեսուած է առաւօտեան 8.15 անց։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ճենովայի մէջ հանդիպումներ կ՛ունենայ գործարարական աշխարհի անդամներուն հետ,  Լիկուրիա մարզի եպիսկոպոսներուն, կղերական դասին, կրօնաւորներուն ու նորընծաներուն հետ ինչպէս նաեւ անոնց համագործակից աշխարհականներու ու այլ դաւանանքները  ներկայացնող անդամներուն հետ­­, ապա  ''Պահապան Սուրբ Կոյսի'' անուան սրբավայրին մէջ կը հանդիպի թեմական առաքելութեան երիտասարդներուն հետ որուն առթիւ հակիրճ պատգամ մը կ՛ուղղէ Ճենովայի բանտարկեալներուն հուսկ կէսօրուան ճաշը կը բաժնեկցի խումբ մը աղքատներու, տնանկներու, գաղթականներու եւ բանտարկեալներու հետ։

Յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը  կ՛այցելէ ''Ճաննինա Կազլինի'' մանկաբուժարանը հանդիպում ունենալով այնտեղ խնամուած մանուկներուն հետ ապա կը փոխադրուի ''Քեննետի'' հրապարակ ուր կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որով կ՛աւարտէ Ճենովայի հովուական այցելութիւնը։

Նախ քան Հռոմ վերադարձը Ֆրանչիսկոս Պապ Ճենովայի օդակայանին մէջ կ՛օրհնէ Լորէթոյի Տիրամօր մէկ արձանը։ Սրբազան Քահանայապետին  Հռոմ ապա Վատիկան  ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 7,30-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.