2017-05-15 09:41:00

Նիւ Եորքի մէջ գերապայծառ Աուզայի ելոյթը Ֆաթիմայի Երեւումներու մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 12 մայիսին գերապայծառ Աուզա`ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ, որուն մէջ անդրադարձ կատարեց Ֆաթիմայի Երեւումներու մասին։  

Գերպ. Աուզա նկատեց, թէ Մարիամ, իբր խաղաղութեան դեսպանուհի, «մնայուն առաքելութիւն» մը ունի, որ յատկապէս ներկայ ժամանակին մէջ ի զօրու է, աշխարհի մը մէջ, ուր յիսունէ աւելի հակամարտութիւններ կը հաշուենք։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս իրավիճակը բնորոշած էր իբր «մասնակիօրէն կատարուող համաշխարհային պատերազմ»։

Գերպ. Աուզա նշեց, թէ ոչ քրիստոնեաներու համար, եւ անոնց համար, որոնք թերահաւատ կեցուածք ունին կաթողիկէ կամ օրթոտոքս եկեղեցիներու մարեմեան ջերմեռանդութեան հանդէպ, Ֆաթիմայի երեւումները կրնան աւելորդապաշտութիւն թուիլ։ Ըստ կաթողիկէ վարդապետութեան Փորթուկալի մէջ կատարուած մարեմեան երեւումները կը նկատուին «անհատական յայտնութիւններ»։

Երբ եկեղեցին կʼընդունի անհատական յայտնութեան մը գոյութիւնը, կաթողիկէներ ստիպուած չեն հաւատալ անոր՝ այնպէս ինչպէս կը հաւատան Աստուածաշունչի բովանդակութեան։ Եկեղեցւոյ համար Լուցիա, Ֆրանցիսքօ եւ Եացինթա բարձր արժանահաւատութիւն վայելող անձեր են։ Անոնց տրուած յայտնութիւնները չեն հակասեր Եկեղեցւոյ կողմէ իբր հաւատքի եւ բանականութեան ճշմարտութիւն ճանչցուած տարրերուն։ Այս անհատական յայտնութիւններու նպատակն է, «օգնել անհատներու, որ հասկնան եւ աւելի լաւ կերպով ապրին Յիսուսի վարդապետութիւնը»՝ պատմութեան որոշ ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Ֆաթիմայի պատահարներէն կրնանք հետեւցնել բոլոր ժողովուրդներու ուղղուած խաղաղութեան ծրագիր մը քաղենք անկէ դասեր։

Գերպ. Աուզա չորս կէտերու մէջ ներկայացուց մեր քաղելիք դասերու բովանդակութիւնը։ Նախ՝ խաղաղութիւն, եղբայրութիւն եւ զօրակցութիւն կերտելու առաջին անհրաժեշտութիւնն է ճշմարիտ դարձի մը հրամայականը։ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորած էր միջազգային հասարակութիւնը՝ որ կատարեն տիեզերական դարձ մը, ետ դառնալով դրամ չաստուածի պաշտամունքէն, որ ամբողջ ազգեր կʼառաջնորդէ անտեսելու աղքատները։ Առանց այս դարձին, «խաղաղութիւնը պիտի մնայ միայն երեւակայութիւն մը։ Դարձի գալը խաղաղութեան հասնելու նախապայմանն է»։ Երկրորդ կէտին մէջ կը շեշտուի, թէ խաղաղութիւնը կը սկսի սրտին մէջ։ Նմանիլ Մարիամի սրտին՝ խաղաղութեան ճանապարհն է։ Ինչպէս Պենեդիկտոս ԺԶ. Պապ ըսած էր՝ «Այդպիսի սիրտ մը, աւելի հզօր է քան զէնքերը» եւ կարող է փոխել պատմութեան ընթացքը։ Իսկ եթէ սիրտը չունի խաղաղութիւն, շատ դժուար պիտի ըլլայ խաղաղարար անձ մը ըլլալ, եւ կամ կերտող ու պահապան խաղաղութեան։ Երրորդ դասը որ պիտի քաղենք, կը հայի աղօթքի։ Աղօթքը խաղաղութեան գործիք մըն է, եւ կրնայ փոխակերպել աշխարհը։ Ֆաթիմայի մէջ Մարիամ խնդրած էր որ աղօթեն, որովհետեւ աղօթքը խաղաղութիւնը յառաջացնելու անհրաժեշտ գործիք մըն է։ Չորրորդ եւ վերջին ուսուցումը, որ Ֆաթիմայի դէպքերէն կը կʼառնենք, կը հայի խաղաղութեան հաստատման ճիգերուն՝ բոլորի մասնակցութեան։ Մարիամ իր պատգամը չի վստահիր պետութիւններու պետերուն կամ կրօնապետերու, այլ երեք պարզ մանուկներու։ Մարիամ մեզի կʼըսէ, թէ բոլորն ալ դեր մը կը կատարեն. նաեւ անոնք, որոնք աշխարհի աչքին աննշան են, անկարող եւ շատ երիտասարդ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.