2017-05-15 10:36:00

Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի սրտի խօսքը Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներուն


Հովանաւորութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի, շաբաթ 13 մայիս 2017-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն եւ Արուեստից վարժարաններու 2016-2017 տարեշրջանի շրջանաւարտներու հանդիսութիւնը ի ներակայութեամբ հոծ բազմութեամբ։

Այս առթիւ աշակերտներուն ուղղած սրտի խօսքին մէջ Արհիապատի Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան  ըսաւ 

Այս պահուս բեմ բարձրացած եմ  ոչ միայն օրհնելու  պսակումը  ձեր ուսումնական կեանքի կարեւոր մէկ հանգրուանին կամ հայրական  խորհուրդներ տալու, այլ բաժնելու ձեր, ձեր ծնողաց,  ձեր դասատուներուն, այս կրթօճախի տնօրէնութեան եւ ձեր ընկերներուն ու բարեկամներուն ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը։ Այո՛, ուրախ ենք եւ հպարտ ենք ձեզմով, հաւատացած ըլլալով որ դուք պիտի արդարացնէք  հարազատ հայու, տիպար քրիստոնեայի, հաւատարիմ քաղաքացիի ձեր կոչումը եւ պիտի զօրացնէք նոր սերունդին վրայ դրած մեր յոյսերը։

Այս համոզումով ալ կ’ողջունենք ու կ’օրհնենք ձեզ։

Այսօր դուք կը քաղէք պտուղը ձեր անցնող տարիներու տքնաջան աշխատանքին։ Այսօր երազի մը իրականացումը կրնայ թուիլ ձեզի համար։ Անցնող տարիներու ընթացքին լուռ կերպով  փայփայած ձեր երազը այսօր իրականութիւն է շնորհիւ աջակցութեան բոլոր անոնց որոնցմով շրջապատուեցաք այս կրթօճախէն ներս։ Անոնք դաստիարակեցին ձեզ, ուսուցանեցին, սորվեցուցին եւ զգացուցին թէ յաջողութեան եւ վարդագոյն ապագայի մը գրաւականը աշխատանքն է։

Երախտապարտ պիտի ըլլաք ձեր տնօրէնուհիին եւ դասատուներուն, ձեր դաստիարակներուն եւ հոգեւոր վարիչներուն, վարդապետներուն, որոնց միջոցաւ ձեր ամբարած մտային պաշարով կոչուած էք  իսկական վկաները դառնալու ոչ միայն գիտութեան, այլ մանաւանդ հարազատ հայու եւ ճշմարիտ քրիստոնեայի։

Անցնող տքնաջան աշխատանքի տարիները յաճախ ձեզի թուեցաւ խաչակրութիւն մը։ Այդ խաչակրութիւնը այսօր կը պսակուի յարութեամբ։ Այս է պատգամը զոր դուք կոչուած էք տալու ձեր շրջապատին։ Պիտի զգացնէք որ դուք հարազատ հայ եւ նոյնքան ճշմարիտ քրիստոնեաներ էք, եւ ձեր այս արժանիքներուն համար կը վայելէք Աստուծոյ հովանաւորութիւնը եւ Աստուածամօր  բարեխօսութիւնը։

Սիրելիներ,

Եկեղեցին եւ Ազգը աւելի քան երբեք այսօր կարիքն ունին գիտակից, լուսամիտ,  տքնաջան, ժամանակակից գիտելիքներով օժտուած, բայց մանաւանդ իր ինքնութեամբ ու արմատներով հպարտ  երիտասարդութեան։  Ձեր Հայու եւ Քրիստոնեայի ինքնութեան ձեր կառչումին վկայութիւնը զոր կոչուած էք տալու՝ ձեզի պիտի պարգեւէ  ձեր կեանքին մեծագոյն վկայականը եւ ձեզ պիտի արժանացնէ գնահատանքին Ազգին, Եկեղեցիին, ձեր զոյգ հայրենիքներուն եւ բոլոր այն սուրբ նահատակներուն որոնց կը պարտինք մեր այսօրուան փառահեղ գոյութիւնը։

Կեանքի նոր հանգրուանի սեմին կանգնած բարի երթի իմ մաղթանքիս կը միացնեմ իմ աղօթքս հայցելով Ամենակալին առատազեղ օրհնութիւնները։

Թող Աստուծոյ Աջը  առաջնորդէ ձեզ յաջողութենէ յաջողութիւն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.