2017-05-14 07:50:00

Տօն Երեւման Ս. Խաչի - Սուրբ Խաչի Երեւման հրաշքը Երուսաղէմի մէջ 351-ին։


Կիրակի 13 Մայիսին Հայոց Եկեղեցին կը փառաբանէ խաչն ու խաչեալը Խաչի Երեւման Տօնով, որով կ’ոգեկոչուի յիշատակը Խաչի նշանին երկինքի վրայ ժամեր տեւած երեւումին, Երուսաղէմի մէջ 351-ին,  Կիւրեղ Երուսաղէմացի հայրապետի օրով:

Այս հրաշալի դէպքը, զայն կը նկարագրէ նոյնինքն Կիւրեղ Հայրապետը, Կոստանդ Կայսրին ուղղած թուղթին մէջ, զոր Ե. դարուն թարգմանուեցաւ հայերէնի եւ մեր եկեղեցիներուն մէջ ժամանակի մը համար կ’ընթերցուէր տօնի օրուայ առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին՝ կատարուող անդաստանէն առաջ: Սոյն թուղթին մէջ Կիւրեղ Հայրապետը կ’ըսէ. «Օրուան երրորդ ժամն էր, լոյսի կերպարանքով հսկայ խաչ մը երեւցաւ երկինքի մէջ, որուն մէկ ծայրը Ձիթենեաց լերան վրայ կը տարածուէր, իսկ միւս ծայրը` Գողգոթայի վրայ: Այս հրաշալի տեսիլքը, որ ժամեր տեւած է, միայն մէկ կամ երկու հոգիէ չէ որ տեսնուեցաւ, այլ գաղագին բոլոր բնակիչներուն կողմէ»: Հետեւաբար,  Երուսաղէմի բնակիչները տեսնելով խաչի նշանը, մեծ երկիւղով եւ ուրախութեամբ շտապեցին եկեղեցի: Բոլորը՝ ե՛ւ հրեաները, ե՛ւ հեթանոսները, հիացած, միաբան փառք տուին Խաչեալին եւ փառաբանեցին ամենազօր եւ ամենայաղթ Խաչը: Այդ օրը շատերը հաւատացին Քրիստոսին ու մկրտուեցան սուրբ Կիւրեղի ձեռքով: Այս իրողութեան վրայ, սուրբ Կիւրեղ Երուսաղէմացին խորապէս հաւատացած ըլլալով որ Յիսուս որպէս Լոյս, առաջին լոյս, չէր կրնար գերեզմանի մթութեան մէջ մնալ կ’ըսէ. «Կը դաւանիմ Խաչը, քանզի գիտեմ Յարութիւնը»: (Կը դաւանիմ խաչը, ցաւը, տառապանքը... քանզի գիտեմ որ յարութիւն կայ, ): Մենք հայերս խաչապաշտ ժողովուրդ ենք, եւ կը պարծենանք խաչով, եւ կ՛ապաւինինք խաչի զօրութեան որովհետեւ խաչին մէջ մեր յաղթութեան, մեր բարգաւաճումին, եւ մեր փրկութեան նշանը կը տեսնենք, ընդդէմ երկրին ու ազգին զանազան թշնամիներուն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.