2017-05-13 16:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց Ֆաթիմա կատարած առաքելական ուխտագնացութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 13 մայիս 2017-ի յետմիջօրէին Փորթուկալի Մոնթէ Ռէալ օդակայանին  մէջ կայացած հրաժեշտի արարողութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւարտեց միջազգային 19-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը որ որպէս ուխտաւոր զինք մղած է դէպի Ֆաթիմայի Սրբավայր`''Մարիամի հետ` յոյսի ու խաղաղութեան մէջ ուխտաւոր'' նշանաբանով, ուր Տիրամօր հովանիին յանձնեց համայն մարդկութիւնը, Անորմէ հայցելով աշխարհի համար խաղաղութիւն ու ազգերու միջեւ համերաշխութիւն։

Երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Ֆաթիմայի Սրբավայրին մէջ գլխաւորեց մոմերու օրհնութեան արարողութիւն ու Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը ապա 13 Մայիսին` Ֆաթիմայի Աստուածամօր երեւումներուն 100-րդ տարեդարձին առիթով,  Ֆաթիմայի Վարդարանի Տիրամօր նուիրուած պազիլիքայի տարածքին վրայ, նախագահեց Ֆրանչեսքօ եւ Ճաչինթա` Աստուածամօր երեւումներուն ականատես եղած երկու փոքրիկ հովիւներու սրբադասման արարողութիւնը։

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիսացաւ չորրորդ քահանայապետը որ այցելեց Ֆաթիմայի Սրբավայրը` Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետէն (1967), Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-էն, որ 3 անգամ այցելած է սրբավայրը (1982-ին 1991-ին եւ 2000) ու Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետէն ետք (13 մայիս 2010)։

Ֆաթիմայի ուխտագնացութիւնը կը հանդիսանայ ժամանակակից շրջանի Իտալիայէն դուրս Քահանայապետական 156-րդ ճամբորդութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.