2017-05-12 09:09:00

Տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներ ճամբայ ելած են դէպի Ֆաթիմայի Սրբավայր։


(Ռատիօ Վատիկան) 50 երկիրներէ տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներ ճամբայ ելած են ուղղուելով դէպի Ֆաթիմայի Սրբավայր, մասնակցելու համար Ֆաթիմայի Երեւումներուն 100-րդ տարեդարձին առթիւ նախատեսուած` Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորելիք արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը համայն մարդկութիւնը` առանց բացառութեան պիտի յանձնէ Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին։

Սրբազան Քահանայապետին Ֆաթիմա ժամանումի նախօրեակին`  Երանելի Ճաչինթա եւ Ֆրանչեսքոյի բարեխօսութեամբ հրաշքով բժշկուած  Լուքաս Մաէտա Տէ Օլիվիերա պրազիլցի պատանիին ծնողքը որոնք իրենց կարգին ժամանած են Ֆաթիմա­, Ֆաթիմայի Տիրամօր նուիրուած Սրբավայրին մէջ գոհութիւն յայտնեցին Աստուծոյ իրենց զաւկին բժշկութեան հրաշքին համար բարեխօսութեամբ երկու այլ սուրբ մանուկներու` Ճաչինթա եւ Ֆրանչեսքոյի որոնք 1917-ին Լուչիայի հետ միասին ականատես եղած էին Տիրամօր երեւումներուն եւ որոնց սրբադասման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ շաբաթ 13 մայիս 2017-ի առաւօտեան` Ֆաթիմայի Սրբավայրին մէջ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած Սուրբ պատարագի ընթացքին։

Արդարեւ 13 մայիս 1917-ին, Փորթուկալի Ֆաթիմա գիւղին մէջ Աստուածամայրը առաջին անգամ կ՛երեւնայ երեք մանուկներու, երեք փոքրիկ հովիւներու՝ Լուչիա (10 տարեկան), Ֆրանչիսկոս (9 տարեկան) եւ Ճաչինթա (7 տարեկան), որոնք իրենց հօտով կը զբաղէին: Կէսօրուայ ժամերուն, անոնք կը տեսնեն կին մը որ աւելի լուսաւոր էր քան արեւը, ամբողջովին ճերմակ հագած եւ ձեռքը ճերմակ վարդարան մը շալկած: Այս կինը կը խնդրէ իրենցմէ ամէն օր վարդարանը աղօթել եւ ամէն ամսոյն 13-ին, միեւնոյն ժամուն, միեւնոյն վայրին մէջ գտնուիլ: Եւ այսպէսով հինգ ամիսներ շարունակ անոնք կը վայելեն երեւումներու այս խորհուրդը, եւ վերջինին՝ 13 հոկտեմբեր 1917-ին, ներկայ կ՛ըլլան նաեւ 70000 հոգի: Աստուածամայրը անոնց կը յայտնէ թէ ինք «Վարդարանի Տիրամայր»ն է, եւ կը խնդրէ որ իրեն ի պատիւ մատուռ մը կառուցանեն:

Ֆաթիմայի մէջ պատահած երեւումները մարգարէաշունչ երեւոյթ մը ունէին: Աստուածամայրը փոքրիկներուն ցոյց կու տայ երեք տարբեր գաղտնիքներ: Յետագային, Լուչիան, որ կը դառնայ մայրապետ, կ՛ըսէ թէ այս երեւումներուն նպատակն էր յորդորել մեծնալ եւ աճիլ հաւատքին, յոյսին ու սիրոյ մէջ:

28 ապրիլ 1919-ին, Աստուածամօր խնդրանքին համաձայն, կը կառուցուի Երեւումներու մատուռը, եւ սկսեալ այդ օրէն Ֆաթիման կը հիւրընկալէ մեծ թիւով ուխտաւորներ, բոլոր կրօնքներու պատկանող:








All the contents on this site are copyrighted ©.