2017-05-12 21:29:00

''Ողջոյն Թագուհի, Երանելի Կոյս Ֆաթիմայի''. Ուխտաւոր Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը


Ողջոյն Թագուհի,
Երանելի Կոյս Ֆաթիմայի,
Տիրուհի՝ Անարատ Սրտով,
Ապաստան եւ ճանապարհ, որ կʼառաջնորդէ Աստուծոյ։
Կու գամ իբր ուխտաւոր այն Լոյսին, որ կու գայ մեզի քու ձեռքերէդ,
Շնորհակալ եմ Հօր Աստուծոյ, որ միշտ եւ ամէնուրեք կը գործէ մարդկային պատմութեան մէջ։
Կու գամ իբր ուխտաւոր այն Խաղաղութեան, որ այստեղ աւետեցիր, բարեբանութիւն կը բարձրացնեմ առ Քրիստոս, մեր խաղաղութեան, եւ կʼաղերսեմ համերաշխութիւն բոլոր ժողովուրդներու միջեւ՝ երկրագունդի վրայ։
Կու գամ իբր ուխտաւոր Յոյսին, որ Սուրբ Հոգին կը ներգործէ։
Կու գամ իբր մարգարէ եւ պատգամաւոր՝ լուալու բոլորին ոտքերը, այն խնճոյքին մէջ, որ մեզ կը միացնէ։

Ողջոյն Ողորմածութեան Մայր,
Սպիտակազգեստ Տիրուհի։
Այս տեղ, որտեղէն հարիւր տարիներ առաջ
բոլորին ցոյց տուիր Աստուծոյ ողորմածութեան ծրագիրը,
կը նայիմ քու լուսազարդ զգեստիդ
եւ, որպէս եպիսկոպոս՝ սպիտակ զգեստով,
կը յիշեցնեմ այն բոլորին, որոնք զգեցած են մկրտութեան սպիտակութիւնը,
որ ուզեն ապրիլ Աստուծոյ մէջ
եւ արտասանեն Քրիստոսի խորհուրդները՝ ձեռք բերելու համար խաղաղութիւնը։

Ողջոյն, կեանք եւ քաղցրութիւն,
Ողջոյն, մեր յոյսը,
Ուխտաւորուհի Կոյս, Թագուհի Տիեզերական։
Քու էութեանդ խոր մտերմութեան մէջ,
Քու Անարատ Սրտիդ մէջ,
նայէ մարդկային էութեան ուրախութիւններուն,
որոնք կը գտնուին Երկնային Հայրենիքի ճանապարհին վրայ։
Քու էութեանդ խոր մտերմութեան մէջ,
Քու Անարատ Սրտիդ մէջ,
նայէ մարդկային ընտանիքի ցաւերուն,
որ կը հեծծէ եւ կու լայ արտասուաց այս հովիտին մէջ։
Քու էութեան խոր մտերմութեան մէջ,
Քու Անարատ Սրտիդ մէջ,
զարդարէ մեզ քու թագիդ մարգարիտներով
եւ մեզ ալ ըրէ այնպիսի ուխտաւորներ՝ ինչպէս ես Դու՝ ուխտաւորուհի։
Քու կուսական ժպիտովդ
խանդավառէ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ ուրախութիւնը.
Քու քաղցրութեանդ հայեացքով
ամրապնդէ Աստուծոյ զաւակներուն յոյսը։
Աղօթարար ձեռքերով, որ կը բարձրացնես Տիրոջ,
միացուր բոլորը իբր մարդկային մէկ ընտանիք։

Ով բարեգութ, ով գթած,
ով քաղցր Կոյս Մարիամ,
Ֆաթիմայի վարդարանի Թագուհի։
Օգնէ, որ հետեւինք Երանելի Ֆրանչեսքօ եւ Ճիաչինթայի օրինակին,
եւ անոնց, որոնք Աւետարանի պատգամին նուիրուեցան։
Այսպէս քալենք բոլոր ճանապարհները,
քալենք իբր ուխտաւորներ բոլոր ճանապարհներուն վրայ,
քանդենք բոլոր պատնէշները
եւ գերազանցենք բոլոր սահմանները՝
հաստատելով Աստուծոյ արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը։
Աւետարանի ուրախութեամբ՝ ըլլանք սպիտակազգեստ Եկեղեցին,
Գառնուկի արեան մէջ լուացուած մաքրութեամբ,
որ կը թափուի նաեւ այսօր պատերազմներու մէջ, որոնք կը կործանեն աշխարհը՝ ուր կʼապրինք։
Այսպէս ըլլանք Քե՛զի նման՝ լուսաւոր սիւնի պատկերը,
որ կը լուսաւորէ աշխարհի ճանապարհները,
բացայայտելով բոլորին, թէ Աստուած գոյութիւն ունի,
որ Աստուած ներկայ է,
որ Աստուած կը բնակի իր ժողովուրդին մէջ,
երէկ, այսօր եւ յաւիտեան։

Ողջոյն, Մայր եւ Տիրուհի,
Կոյս Մարիամ, Ֆաթիմայի Վարդարանի Թագուհի։
Օրհնեալ՝ բոլոր կիներուն մէջ.
Զատկական լոյսը զգեցած Եկեղեցւոյ պատկեր,
մեր ժողովուրդին պատիւն ես,
Դուն յաղթանակն ես՝ չարի յարձակումներուն դէմ։

Հօր ողորմած Սիրոյն մարգարէութիւնը,
Որդիի Աւետիսին պատգամին ուսուցանող,
Սուրբ Հոգիի բոցավառ կրակին նշանը,
ուրախութեան եւ տառապանքի այս հովիտին մէջ սորվեցուր մեզի
յաւիտենական ճշմարտութիւնները, որ Հայրը կը յայտնէ փոքրերուն։

Ցոյց տուր մեզի քու պաշպանող վերարկուիդ զօրութիւնը։
Քու անարատ սրտիդ մէջ,
եղիր մեղաւորներու ապատանը
եւ այն ճանապարհը, որ կը տանի Աստուծոյ։

Միացած իմ եղբայրներուս հետ՝
հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ մէջ՝
ինքզինքս Քեզի կը վստահիմ։
Միացած իմ եղբայրներուս հետ, Քու միջոցաւդ՝ ինքզինքս Աստուծոյ կը նուիրեմ,
ով Ֆաթիմայի Վարդարանի Կոյս։

Եւ վերջապէս, պարուրուած քու ձեռքերէդ եկած լոյսին մէջ,
Տիրոջ փառք պիտի տամ՝ յաւիտեանս յաւիտենից։
Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.