2017-05-11 09:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը. Ֆաթիմայի մէջ բոլորը անխտիր պիտի յանձնեմ Մարիամին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 10 մայիս 2017-ի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ֆաթիմայի Տիրամօր Սրբավայր կատարելիք առաքելական ուխտագնացութեան նախօրեակին հրապարակուեցաւ Անոր Փորթուկալի ժողովուրդին յղած լսատեսողական պատգամ մը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը յայտնէ թէ ''մի քանի օր կը պակսին իմ եւ ձեր կատարելիք ուխտագնացութեան դէպի Ֆաթիմայի Տիրամայր'' ապա կը նշէ թէ ինք գիտակից է թէ անոնք (փորթուկալցիները) պիտի ուզենային զինք ընդունիլ իրենց քաղաքներուն եւ իրենց տուներուն մէջ, սակայն այդ մէկը կարելի պիտի չ՛ըլլայ, ու այս առընչութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց պատկան իշխանութիւններուն ցուցաբերած հասկացողութեան,  այցը սահմանափակելու միայն Ֆաթիմայի Սրբավայրի ուխտագնացութեան ձեռնարկներուն, ապա բոլորին հրաւէր ուղղեց հանդիպելու Սուրբ Կոյս Մարիամի ոտքին։

''Տիեզերական Հովիւի  հանգամանքովս է որ կը փութամ ներկայանալու Անոր դիմաց, Անոր ներկայացնելու փունջ մը գեղեցիկ ծաղիկներ զոր Յիսուս յանձնեց իմ խնամակալութեանս, այսինքն բոլոր աշխարհի եղբայրներն ու քոյրերը զոր ազատագրուեցան Անոր արիւնով, առանց բացառելու եւ ոչ մէկը – ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը  եւ յայտնեց թէ ինք կարիքն ունի Փորթուկալի ժողովուրդի մօտիկութեան, անոնց ֆիզիկական ու հոգեւոր միութեան, որպէսզի ''դառնալով միասին ''մէկ սիրտ ու մէկ հոգի'' ձեզ յանձնեմ Սուրբ Կոյսին, Անորմէ խնդրելով որ իւրաքանչիւրին փսփսայ ''Իմ անաղարտ սիրտս պիտի ըլլայ քու ապաստանդ ու ճանապարհը որ քեզ կ՛առաջնորդէ Աստուծոյ'' (Յունիս 1917-ին Սուրբ Կոյսին խօսքերը'') - յարեց ապա Քահանայապետը։

''Մարիամի հետ յոյսի եւ խաղաղութեան մէջ ուխտաւոր'' այս է ուխտագնացութեանս բնաբանը որ ապաշխարութեան ծրագիր է'' յայտնեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը գնահատանք եւ շնորհակալութիւն  յայտնելով բոլոր անոնց որոնք այդ ուխտագնացութեան կը պատրաստուին խոր աղօթքով ու նուիրումով զոր կը նուիրեն իրեն որ ''մեղաւորներու մէջ մեղաւոր մըն է, ''անմաքուր շրթներով մարդ մը որ կ՛ապրի անմաքուր շրթներով ժողովուրդի մէջ''։

Աղօթքը կը լուսաւորէ աչքերս որպէսզի կարենամ ուրիշներու նայիլ այնպէս ինչպէս Աստուած կը տեսնէ զանոնք ու սիրել ուրիշները այնպէս ինչպէս Ան կը սիրէ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու պատգամը եզրափակեց այս խօսքերով ''Անոր անունով ես ձեզի կու գամ յոյսի եւ խաղաղութեան Աւետարանը բաժնեկցելու ուրախութեամբ։ Տէրը օրհնէ ձեզ եւ Սուրբ Կոյս Մայրը ձեզ պահպանէ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.