2017-05-11 13:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Պրազիլի Փարայպա գետին մէջ յայտնաբերուած  Ափարեսիտա Տիրմաօր հրաշագործ սրբապատկերին 300-րդ ամեակի առիթով,   Ֆրանչիկսոս Պապ պատգամ մը յղած է,  Սան Սալվատոր քաղաքին մէջ  իրենց տարեկան ընդհանուր ժողովը գումարող Լատին Ամերիկայի  եպիսկոպոսներուն, որոնց ժողովին բնաբանն է  ՝՝Աղքատ եկեղեցի մը՝ աղքատներուն համար՝՝։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ակնարկելով  հրաշագործ արարքին,  որ պատահած է երեք դարեր  առաջ,   նշած է թէ ''Ափարեսիտայի Տիրամարը կը շարունակէ մեզ աճեցնել մեր հաւատքին մէջ եւ  կը սուզէ առաքելական  ուղեւորութեան մը մէջ'', ու այս առնչութեամբ Ան ներկայացուցած է երեք երեւոյթներ։

Առաջին, երեք աղքատ  ձկնորսներուն երեւոյթը, որոնք իրենց հարազատներուն հետ  միասին իրենց առօրեայ կեանքը կ՝ապրէին  անկայուն վիճակի մէջ,  շփուելով  առատաձեռն եւ անգութ գետին հետ։

''Այդ  ձկնորսներուն պատկերը'' գրած է Սրբազան Հայրը,  ''մեզի կը յիշեցնէ մեր անթիւ եղբայրներուն կեանքի դժուարութիւնները'' որոնք կը դիմագրաւեն այդ ցամաքամասը հարուածող ամենէն մեծ մեղքերէն մին ''կաշառառութիւնը'' որ կը քանդէ համայն ժողովուրդներու կեանքը։ Ֆրանչիսկոս Պապ  կաշառառութիւնը նմանեցուցած է քաղցկեղի հիւանդութեան, որ կը յառաջանայ մարդոց առօրեայ կեանքը լափելով։

Երկրորդ երեւոյթն  է ''Տիրամայրը՝  ուշադիր Մայր մը՝՝ գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ։ Այն մայրը , որ  Իր զաւակներուն կեանքին կ՝ընկերանայ ու կ՝երթայ  հոն ուր կարելէ չէ յուսալ։

''Ափարեսիտայի պատմութեան մէջ կը հանդիպինք Տիրամօր՝ գետի` ցեխին մէջ թաղուած։  Հոն` Ան կը սպասէ իր զաւակներուն,  անոնց կեանքի պայքարներուն եւ փնտռտուքներուն մէջ'' գրած է Սրբազան Քահանայապետ ու երրորդ երեւոյթը  նկատած է '' Մարիամի հետ մարդոց հանդիպումը''։

''Այդ երեք ձկնորսներուն ուռկանները չլեցուեցան ձուկերով այլ լեցուեցան  ներկայութեամբ մը,   որ  ձկնորսներուն կեանքը  ողողեց եւ անոնց շնորհեց  այն վստահութիւնը,   որ իրենց առաջադրանքներուն եւ պայքարներուն մէջ մինակ չեն''։

Ֆրանչիսկսո Պապ գրեց, թէ ձկնորսներուն ուռկանները որոնք կերպարանափոխուեցան հասարակութեան մը,  հաւատացեալ ժողովուրդի մը,   որ կը  խոստովանի  թէ մեղաւոր է եւ փրկուած ու գիտակից այն իրողութեան թէ  իրենց կեանքի ուռկանները, լի են ներկայութեամբ մը որ կը քաջալերէ զիրենք՝   յոյսը չկորսնցնելու համար ։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներուն յարեց թէ ''Ափարեսիտայի Տիրամայրը Իր հետ չի բերեր դեղագիրեր այլ բանալիներ, չափանիշեր, ստուգութիւններ՝ մեզ  լուսաւորելու համար, եւ հրահրելու մակերեսային բաներէն ձերբազատուելու փափաքը ու  վերադարձ կատարելու արմատներուն եւ  էականին, այդ սկզբնական եկեղեցւոյ հաւատքին որ մեր ցամաքամասը դարձուց յոյսի ցամաքամաս։

Ափարեսիատայի Տիրամայրը մեզմէ կը խնդրէ որ  վերանորոգենք մեր  յոյսը ''անգութ'' իրադարձութիւններուն մէջ  ՝՝ գրած է Ֆրանչիսկսո Պապ  իր պատգամին աւարտին հրաւիրելով եպիսկոպոսները հաւատացեալներէն սորվելու հաւատքը ապա վախ չունենալու պատմութեան ''ցեխէն'' վերագտնելու եւ վերանորոգելու համար յոյսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.