2017-05-10 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Ղպտիներու Թաուատրոս Բ Պապին


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, չորեքշաբթի, 10 մայիս 2017-ին , նամակ մը յղած է  Աղեքսանդրիոյ Օրթոտոքս Ղպտիներու  Թաուատրոս Բ Պապին,  10 մայիս 2013ին, Հռոմի մէջ Իրենց  միջեւ կայացած եղբայրական հանդիպումին չորրորդ տարուան ու վերջերս Եգիպտոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան առթիւ։

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը անդորրութեան ու առողջութեան  մաղթանք յայտնած է Պատրիարքին միացած երախտագիտութեան զգացումներուն հոգեւոր կապերուն համար  զոր, գրած է Նորին Սրբութիւնը,    Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Մարկոսի աթոռները իրար կը միացնեն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա վերանորոգած է իր խորին շնորհակալութիւնը Եգիպտոսի մէջ ընդունած հիւրընկալութեան համար,  ինչպէս նաեւ միասնական հանդիպումին ու աղօթքին համար, զոր կիսեցինք որպէս Քրիստոսի մէջ եղբայրներ, գրեց Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց ստորագրուած միասնական յայտարարութեան, որով երկու եկեղեցիները ընդունեցան մէկը միւսին մօտ մատակարարուած Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը այս ուղղութեամբ հաստատելով թէ երկու եկեղեցիներուն միջեւ եղբայրական կապերը քաջալերանք են կրկնապատկելու միասնական ջանքերը եւ յարատեւելու՝ տեսանելի տարբերութեան մէջ տեսանելի միութեան փնտռտուքի ուղիին վրայ,  Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ ինչպէս նաեւ մարտիրոսներու հզօր բարեխօսութեամբ, աճելով սիրոյ եւ հաշտութեան մէջ դէպի Միեւնոյն Խորանի վրայ հաղորդութեան բեկանում։  

Նորին Սրբութիւնը ապա  վստահեցուցած է իր աղօթքները Թաուատրոս Պապին ու  Եգիպտոսի եւ միջին արեւելքի  խաղաղութեան  համար, հայցելով Սուրբ Հոգիէն Աստուծոյ զօրութիւնն ու քնքշութիւնը, մարդոց սրտերուն մէջ զեղելու շնորհքներ անոնց մէջ վառելով սիրոյ հուրը։

Թող, որ խաղաղութեան Հոգին մեզի պարգեւէ շնորհքը աճելու յոյսի բարեկամութեան եւ հաշտութեան մէջ գրած է ապա Սրբազան Քահանայապետը պատգամին աւարտին, զոր եզրափակած է Տիրոջ Քրիստոսի եղբայրական ողջագուրումով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.