2017-05-10 08:17:00

Պուտայականներու ''ՎԵՍԱՔ''ի տօն. Պուտտայի ծննդեան, լուսաւորութեան ու մահուան տօնը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Չորեքշաբթի 10 Մայիսին կը նշուի Պուտայականներու Vesakh` Լոյսի տօնը որուն առթիւ կը յիշատակուին ''Gautama Buddha''-ի կեանքի երեք կարեւոր հանգրուանները. ծնունդը, լուսաւորութիւնն ու մահը։

Աւանդութիւն դարձած է որ այս տօնին առթիւ Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը ամէն տարի շնորհաւորանքի պատգամ մը յղէ Պուտայականներուն։

2017-ի պատգամը հրապարակուեցաւ անցեալ 22 ապրիլին, որուն առանցքը կազմեցին խաղաղութիւնն ու ոչ բռնութեան մշակոյթի զարգացումը։  

''Այս տարի ձեր հետ կ՛ուզենք խորհրդածել խաղաղութեան ու ոչ բռնութեան մշակոյթի զարգացումի հրատապ հարցի մասին'' գրուած է վերոնշեալ պատգամին մէջ նշելով թէ ''մինչ շատեր կրօնը կ՛օգտագործեն խաղաղութիւնը տարածելու համար­, ուրիշներ այդ կրօնը կը շահագործեն արդարացնելու համար իրենց բռնութեան ու ատելութեան արարքները''։

''Յիսուս Քրիստոս եւ Պուտտան սատարեցին ոչ բռնութեան զարգացումին ու եղան խաղաղութեան կառուցողներ'' գրուած է միշտ պատգամին մէջ, որուն աւարտին ընդգծուած է

''Ընդունելով հանդերձ մեր կրօններուն առանձնայատկութիւնները, համաձայն ենք թէ բռնութիւնը կը բխի մարդու սրտէն եւ ասոր համար հարկաւոր է զարգացնել կեանքի նոր ապրելակերպ մը` ուր բռնութիւնը մերժուի ու յարգուի մարդ անհատը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.