2017-05-09 11:45:00

Սուրբ Փիլիպպոսի մասունքը որպէս նուէր կը շնորհուի Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքին


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 9 մայիս 2017-ին,   Թուրքիոյ  Իզմիր  քաղաքին Սուրբ ՝՝Փոլիքարփօ՝՝  տաճարին մէջ, տեղի կ՝ունենայ  համամիութենական յատուկ արարողութիւն  մը, որուն ընթացքին Ֆրանչիսկեաններու  Փոքրիկ եղբայրներու միաբանութենէ կազմուած  պատուիրակութիւն մը,  կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքին կը նուիրեն  Սուրբ  Փիլիպպոս առաքեալի մասունքը,  որ   կը գտնուէր Հռոմի 12 առաքեալներուն անուան տաճարին մէջ։

Համամիութենական արարողութեան ներկայ կը գտնուին  Իզմիրի թեմի կաթողիկէներուն առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Փիրեթթօ ինչպէս  նաեւ Հռոմի 12 Առաքեալներ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Այնելլօ Սթոյան։

Յայտնենք  թէ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը  Բարթողոմէոս Բ յատուկ ջերմեռանդութիւն ունի  Սուրբ Փիլիպպոս առաքեալին  նկատմամբ եւ այս պատճառաւ է որ  Իզմիրի կաթողիկէներու թեմին  առաջնորդը  վերջերս այցելութիւն տալով հռոմի 12 առաքեալներ եկեղեցւոյ` եկեղեցւոյ ժողովրդապետէն   Իզմիրի կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս հասարակութիւններու անունով խնդրած էր որ Սուրբ Փիլիպպոսի մասունքը նուէր տրուէր Կ. Պոլսոյ Պատրիարքին որպէս  բարեկամական յարաբերութեան ու համամիութենական նշան ընդմէջ Հռոմի եւ Կ.Պոլսոյ եկեղեցիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.