2017-05-09 10:27:00

Թուրքիան դաւանանքի ազատութիւնը ամէնէն շատը սահմանափակող երկիրներէն Է


«Պի. Պի. Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան ՓԻՈՒ հետազօտական կեդրոնը Թուրքիան ներառած է պետութեան կողմէ դաւանանքի ազատութիւնը ամէնէն շատ սահմանափակող երկիրներու շարքին:

Ուշագրաւ է, որ նախորդ տարի եւս Թուրքիան ներառուած եղած է «ամէնէն շատ սահմանափակումներ ունեցող» երկիրներու շարքին: Ներկայիս այդ երկիրներու շարքին են նաեւ Իրաքը, Սուրիան, Իրանը, Չինաստանը եւ Սէուտական Արաբիան:

Հետազօտական կեդրոնը նաեւ արձանագրած է, որ Թուրքիոյ մէջ կ՛աճի «հասարակութեան մէջ կրօնական հիմքով թշնամանքը»: Թուրքիան այս մարզին մէջ նախորդ տարուան համեմատ յետընթաց արձանագրած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.