2017-05-08 12:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը Հռոմի Փորթուկալական Քահանայապետական Վարժարանի հասարակութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 8 մայիս 2017-ի առաւօտեան  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեկային մէջ յաջորդաբար ընդունեց Նիճերիոյ մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Անոթոնիօ Կուիտօ Ֆիլիփփացցի, Ակոստինեան միաբանութեան մեծաւոր Հայր` Անթոն Ալէխանտրօ Մորալ ու Ռաբբունապետ Էտկար Կլաք եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը, հուսկ կէսօրին` Նորին Սրբութիւնը Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ընդունեց Հռոմի Քահանայապետական Փորթուկալական վարժարանի հասարակութիւնը  անոնց ուղղելով ճառ մը որուն սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց կատարած այցելութեան համար ու այն բարի խօսքերուն զոր Վարժարանի մեծաւոր Հայրը իրեն ուղղեց ապա յատուկէն շնորհակալ եղաւ ներկաներուն իրեն վերապահած աղօթքներուն համար` բոլորին եւ իւրաքանչիւրին մաղթելով Տիրոջ մէջ  խաղաղութիւն եւ Յոյս ։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով յառաջիկայ օրերուն Փորթուկալ կատարելիք առաքելական ուխտագնացութեան, Ֆաթիմայի երեւումներուն 100-րդ տարեդարձին առթիւ նշեց թէ ''Տիրամօր երեք փոքրիկ հովիւներուն հետ հանդիպումը` անոնց համար եղաւ շնորհքի փորձառութիւն մը, զոր զանոնք սիրահարուիլ տուաւ Յիսուսին''։

Այս մէկը կը մաղթեմ նաեւ ձեզի սիրելի բարեկամներ­, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը ուղղելով նորընծաներուն յորդորեց որպէս նպատակակէտ ունենան` կազմաւորումը ու քահանայական կոչումի ընթացքին մէջ աճումը, Մարիամի հովանիին ներքոյ`  Աստուծոյ հետ կապի սիրալիր փորձառութեան ընդմէջէն։

''Տիրամօր հետ յարաբերութիւնը մեզ կ՛օգնէ բարի յարաբերութիւն ունենալու Եկեղեցւոյ հետ որ է նաեւ Մայր'', ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը մէջբերելով Սուրբ Իսահակին խօսքերը հայող Մարիամին եւ Եկեղեցւոյ ու հաստատելով թէ Քահանայ մը որ կը մոռնայ Մայրը, որբի նման է թէեւ իրականութեան մէջ այնպէս չէ որովհետեւ մանուկը` դժուար պահերուն կը դիմէ միշտ իր մօր։ 

Սրբազան Քահանայապետը ճառը եզրափակեց Փորթուկալական քահանայապետական վարժարանի հասարակութեան մաղթելով որ հանդիսանայ առաքեալներու կրթարան, անոնց տեղական եկեղեցիներու ու Հռոմի հետ միութեան վայր, միացած սիրոյ ու մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ սիրոյ կենդանի վկայութեան մէջ­, ապա բոլոր ներկաներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը հայցելով Ֆաթիմայի Տիրամօր հովանին որպէսզի անոնց սորվեցնէ հաւատալ, պաշտել, յուսալ եւ սիրել Երանելի Ֆրանչեսքոյի եւ Ճաչինթայի ու Աստուծոյ աղախին Լուչիայի նման։ 

''Եթէ կը բարեհաճիք մի մոռնաք աղօթել ինծի համար'' ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով ճառը։








All the contents on this site are copyrighted ©.