2017-05-08 12:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 8 մայիսի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 8 մայիս 2017-ին, առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագի զոհը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզը    կեդրոնացուց օրուան  սուրբ գրային ընթերցումին վրայ քաղուած՝ Գործ Առաքելոցի թուղթէն, ուր կը խօսուի Սուրբ Պետրոսի եւ առաջին քրիստոնեայ հասարակութեան միջեւ  կայացած  վէճի մասին, հայող եկեղեցւոյ՝  հեթանոսներուն առջեւ բաց գտնուելու հարցին։

Սրբազան Հայրը  իր քարոզին մէջ շեշտը դրաւ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան վրայ,  որ շարժումի մէջ կը դնէ քրիստոնեայ հասարակութիւնը,  դիտել տալով , որ  Աստուած միշտ մեզ անակնկալի կը մատնէ, որովհետեւ Ան կենդանի է եւ մեր հետ կը քալէ։  

՝՝Սուրբ Հոգին հրաշքներ կը գործէ՝՝ ըսաւ Ֆրանչիսկսո Պապ, աւեցնելով  թէ  ոմանք կը վախնան Սուրբ Հոգիին եկեղեցւոյ շնորհած  նորութիւններէն։ Ստեղծագործ Աստուածը  ամէն օր նոր բաներ կը ստեղծէ եւ մեզ անակնկալի կը մատնէ  ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ  ''Աստուծոյ նորութիւնները կրնան մեզ դժուարութեան մատնել ինչպէս պատահեցաւ Սուրբ Պետրոսին հետ, երբ  աշակերտները անոր դէմ բողոքեցին՝ որովհետեւ հեթանոսներուն կը քարոզէր։ Սուրբ Պետրոս սակայն այդ մէկը ըրած էր որովհետեւ տեսիլք մը ունեցած էր ու այդ մէկը Սուրբ Հոգւոյն ներգործութիւնն էր։  Պետրոս արդարեւ բաց էր Աստուծոյ անակնկալներուն հաստատեց Նորին Սրբութիւնը ու անդրադառնալով օրուան աւետարանական ընթերցումին որ կը խօսի բարի հովիւին մասին, յարեց թէ Տէր մեզմէ կը խնդրէ,  որ չքարացնենք  մեր սրտերը­,  Ան ՝կ՝ուզէ որ մենք մէկ  հօտ ըլլանք եւ մէկ  հովիւ ունենանք ։   

''Սուրբ Հոգիէն հայցենք զատորոշում կատարելու շնորհքը, կարենալ հասկնալու եթէ բան մը յառաջ եկած է Սուրբ Հոգիէն կամ սատանայէն'' ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ ՝՝Հաւատքը միեւնոյն է , երբեք չի փոխուիր, սակայն միշտ շարժումի մէջ է եւ կ՝ընդլայնուի'' ապա հրաւիրեց Տիրոջմէ հայցել զատորոշում կատարելու շնորհքը,  որպէսզի սխալ ճամբայ չ՛առնենք եւ չի մատնուինք անշարժութեան, կարծրութեան եւ սրտի փակումի։  








All the contents on this site are copyrighted ©.