2017-05-07 10:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդներուն. ''Յաղթահարեցէք կործանումի մշակոյթը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 6 մայիս 2017-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց 7000 դպրոցականներուն որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին խաղաղութեան ու մարդկային իրաւունքի նիւթերու մասին կազմակերպուած մէկ հանդիպումին։

Հանդիպման ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ պատասխանեց երիտասարդներու կողմէ իրեն ուղղուած մի քանի հարցումներուն հրաւիրելով զանոնք յաղթահարել ''կործանումի մշակոյթը'' ու դատապարտելով ''անօրէն աշխատանքը'' յորդորելով աւելին ընել պաշտպանելու համար կենսոլորտը։

Հարկաւոր է անվախ դիմագրաւել ''կործանումի մշակոյթը'' խոնարհութեան ուժով, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը երիտասարդներուն, ապա անդրադարձ կատարեց գաղթականութեան տագնապին զայն նկատելով ''Բ համաշխարհային պատերազմէն ետք Եւրոպայի ամենամեծ ողբերգութիւնը''։

''Մենք կ՛ապրինք Բ աշխարհամարտի ամենամեծ ողբերգութիւնը'' ըսաւ Քահանայապետը սակայն կան նաեւ անտեսանելի բարի բաներ եւս, թէեւ աշխարհը պատերազմի մէջ է։ Ռումբեր կը տեղան ամենուրէք նոյնիսկ հիւանդանոցներուն վրայ, դպրոցներուն վրայ ուր կան հիւանդներ ու մանուկներ'' յարեց Սրբազան Պապը ու ակնարկելով Միացեալ Նահանգներու Աֆղանիստանի մէջ պայթեցուցած ռումբին զոր անուանեցին բոլոր ''ռումբերու մայրը'' Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ թէ ինք ամօթխածութիւն կը զգայ որովհետեւ ''մայրը կեանք կը պարգեւէ եւ ոչ թէ մահ'' ու այս առընչութեամբ ընդգծեց կառավարիչներու անկարողութիւնն ու տկարութիւնը ու դատապարտեց այն երեւոյթը ուր մէկ կողմէն խաղաղութիւն կը պահանջուի ու միւս կողմէն կը շարունակուին զէնքեր արտադրել ու զանոնք ապօրինի կերպով վաճառել։ 

Նորին Սրբութիւնը դատապարտեց նաեւ ''տնտեսական աշխարհի''  չարաշահումները զանոնք որակելով ''մահացու մեղք'', ապա երիտասարդները զգուշացուց ''զրպարտութեան'' ու ''չարախօսութեան'' փորձութենէն, որոնք յաճախ ''մարդուն կեանքը կը կործանեն'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց  ըլլալ հեզաբարոյ` որ չի նշանակեր ըլլալ յիմարներ այլ արտայայտուիլ անդորրութեամբ, առանց վիրաւորելու դիմացինը, ինչ որ շատ անգամ կը պատահի նաեւ, դիտել տուաւ Քահանայապետը,  ''քաղաքական բանավէճերու ընթացքին''։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ հուսկ հրաւիրեց երիտասարդները երբեք չվհատելու`մերժելով  ''յուսալքում'' բառը ու շեշտը դրաւ ընտանիք-դպրոց դաստիարակչական դաշինքը վերակառուցելու անհրաժեշտութեան վրայ, զարգացնելու համար հասարակական բարիքն ու ընկերութիւնը, ու խօսքին աւարտին խրախուսեց երիտասարդները ժամանակ յատկացնելու ունկնդրութեան եւ հրաւիրեց ուսուցիչները ժամանակ յատկացնել խաղաղութեան դաստիարակութեան։

Աստուծոյ ամենագեղեցիկ նուէրը արարչութիւնն է, դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը, ու վիշտ յայտնեց թէ ինչպէս այսօր մենք այդ գեղեցիկ նուէրը կործանումի ենթարկած ենք ու այս ուղղութեամբ ընդգծեց կենսոլորտի պահպանումի գծով` պետութիւններու յանձնառումի պակաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.