2017-05-07 09:56:00

''Յանուն Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ եղէք ողորմած'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ նորօծ Քահանաներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 7 Մայիս 2017-ին­ քահանայական կոչումներու աղօթքի 54-րդ օրուան առթիւ, առաւօտեան ժամը 9.15-ին,   ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ս. Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, գլխաւորեց կուսակրօն 10 նոր քահանաներու ձեռնադրութեան արարողութիւնը որուն ընթացքին արտասանած քարոզը յատկացուց ձեռնադրեալ 10 նորօծ քահանաներուն խօսքը կեդրոնացնելով Քահանայական կոչումի իմաստին ու անոր առաքելութեան մասին, որպէս ''այլ ոմն Քրիստոսներ'' ի սպաս Քրիստոսի, ու Անոր Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի ծառայութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց Աստուծոյ Խօսքին կարեւորութիւնը` որպէս սնունդ եւ ակնաղբիւր առաքելութեան ու նորօծ քահանաները հրաւիրեց գիտակից ըլլալ թէ իրենք պարզ միջնորդներ են եւ թէ իրենց կեանքի կեդրոնն ու դերակատարը Քրիստոսն է։

''Ձեր քարոզները թող հասնին մարդոց սրտերուն, անոնք չըլլան միապաղաղ ու ձանձրացուցիչ, բառերը թող դուրս քան ձեր սրտէն` որպէսզի Աստուծոյ Խօսքն ու ձեր վարդապետութիւնը հանդիսանան ուրախութիւն Քրիստոսի հաւատացեալներուն համար'', յարեց Քահանայապետը յանձնարարելով ձեռնադրեալները իրենց կեանքով վկայելու իրենց խօսքերը որովհետեւ ''Խօսքերը առանց վկայութեան դատարկ բառեր են, գաղափարներ` որոնք սրտին չեն հասնիր եւ նոյնիսկ վնասակար կրնան հանդիսանալ''։

Սրբազան Քահանայապետը ապա մատնանշեց խորհուրդներու մատակարարումներուն որոնց միջոցաւ քահանան հաւատացեալները կ՛առաջնորդէ Աստուծոյ։ Մի յոգնիք ներելէ – ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց նորօծ քահանաները  Քահանայական առաքելութիւնը կատարելու ուրախութեամբ եւ անկեղծ ողորմութեամբ` հաճելի դառնալով միայն Աստուծոյ։

''Յանուն Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ եղէք ողորմած'' կոչ ուղղեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով նորօծ Քահանաները իրենց աչքին առջեւ որպէս օրինակ ունենալ միշտ Բարի Հովիւը  որ աշխարհ չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու, չեկաւ հանգստութիւն փնտռելու այլ դուրս ելլելու եւ փնտռելու ու ապա փրկելու կորսուածները։








All the contents on this site are copyrighted ©.