2017-05-06 12:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Զուիցերական պահակագունդին. ''Այսօր կանչուած էք ծառայելու հաւատքի զօրութեան''։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական Զուիցերական պահակագունդի նոր անդամներուն անդամակցութեան երդման արարողութեան առիթով, շաբաթ, 6 մայիս 2017-ի՝ առաւօտեան, Վատիկանի Քլեմեթինա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Զուիցերական Պահակագունդի անդամներն ու անոնց ընկերացող ընտանեկան պարագաները ու անոնց այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ յատուկէն ողջունեց  Զուիցերական պահակագունդի նոր անդամները,  որոնք  ընտրեցին ծառայել Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Ամէն տարի կը յիշատակուի  ՝՝Հռոմի Թալանումը'', որուն  ընթացքին Զուիցերազի պահակները յատկանշուեցան  իրենց քաջութեամբ եւ հաւատարմութեամբ ՝  նոյնիսկ իրենց կեանքը զոհելով ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու աւելցուց ''այսօր կանչուած էք ոչ նուազ զոհաբերումին համար , այն է  ծառայել հաւատքի  զօրութեան''։

Հաւատքը վաւերական պատնէշ է,  դիմադրելու համար այս երկրի տարբեր իշխանութիւններուն ու զօրքերուն, ու  յատկապէս դիմադրելու այս ''աշծրհի  իշխանին'' որ է ''ստախօսութեան հայրը'' որ առիւծին նման կը շրջի՝ փնտռելով  զինք մեծարող մարդիկ։  

Դուք կանչուած էք  ըլլալու քաջարի՝ զօրեղացած Քրիստոսի մէջ ունեցած հաւատքով  եւ անոր փրկութեան խօսքէն ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով որ անոնց  ներկայութիւնը եկեղեցւոյ մէջ ու անոն կարեւոր  ծառայութիւնը վատիկանին  մէջ, առիթ է աճելու՝ որպէս  ''Քրիստոսի քաջարի զինուորներ''։

''Հռոմ եւ Վատիկան   ժամանած  զբօսաշրջիկները որոնք ձեզի կը հանդիպին ձեր մէջ կը գտնեն քրիստոնէական  հաւատքին վեհանձն վկայութիւնը եւ  կեանքի  սրբութիւնը `  թող այս ըլլայ ձեր առաջնահերթ մտահոգութիւնը''  ըսաւ Ֆրաչինսկսո Պապ ապա հրաւորեց  պահակագունդի նոր անդամները, որ  իրենց  Հռոմ ՝ յաւիտենական քաղաք կեցութեան օրերուն,  ապրին  եղբայրական անկեղծութեան հոգիով,  եւ մէկը միւսին  աջակցելով,­  վարելով նաեւ քրիստոնէական տիպար կեանք մը։

Սիրելի Զուիցերական պահակագունդի անդամներ դուք ձեցո գործօն մաս նկատեցէք Աստուածոյ մեծ ժողովուրդին,  Միսոնար առաքեալներ յանձնառու վկայելու Աւետարանը այն բոլոր վայրերուն մէջ ուր կը գործէք ու ձեր ազատ ժամանակը կ՝անցնէք յարեց ապա Քահանայաղետը ու մաղթանք յայտնեց նաեւ որ  անոնք կարենան արժեւորել եւ  օգուտ քաղեն Հռոմի հոգեւոր եւ մշակութային հարստութենէն ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը եզրափակեց իր  երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելով համայն Զուիցեարական Պահակագունիդի  մարմնի անդամներուն որոնք հոգատարութեամբ  եւ մեծ ջանասիրութեամբ  կը ծառայեն Պապին եւ Վատիկան քաղաքին, ապա բոլոր ներկանէրէն խնդրեց որ աղօթեն իրենց համար Անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.