2017-05-06 10:16:00

«Եւրոտեսիլ-2017»-ին Հայաստանը պիտի ներկայանայ 1-ին կիսաեզրափակչին։


Քիեւի մէջ կայանալիք «Եւրոտեսիլ-2017» երգի միջազգային մրցոյթին Հայաստանի ներկայացուցիչ Արծուիկը ելոյթ պիտի ունենայ Մայիս 9-ին` 1-ին կիսաեզրափակիչի ընթացքին իր «Fly with me» երգով:

Ընդհանուր առմամբ, «Եւրոտեսիլ-2017»-ին կը մասնակցի 43 պետութիւն։ Յաղթողը պիտի որոշուի Մայիս 13-ին կայանալիք եզրափակիչ փուլին:

«Քանի որ այս տարուան մրցոյթին կանոնները փոխուած են եւ մրցոյթին մասնակցողները ձայներու 50 տոկոսը պիտի ստանան հանդիսատեսի քուէարկուենէն, անկյայտ է, որ Հայաստանը ներկայացնող տաղանդաւոր երգչուհիին յաղթանակին համար շատ բան կախուած է բոլորէս: Հետեւաբար` կը դիմենք յատկապէս Եւրոպայի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն եւ կը խնդրենք հետեւիլ մրցոյթին եւ քուէարկել մեր երգչուհիին օգտին»,- կը նշուի «Առաջին ալիք»-ի լրատուական ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.