(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 4 մայիս 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Անճելօ Ամաթոն, որուն արտօնութիւն շնորհեց հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովին հայող նոր 5 երանելինեհու եւ 7 Աստուծոյ ծառաներու հրամանագիրերը։
Նոր երանելիներուն շարքին են, Քափուչիններուն փոքրիկ եղբայրներուն միաբանութեան անդամ ,ամերիկացի Հայր Ֆրանչեսքօ Սոլանօ Քասեյ։ Ան ապրած է 1870-1957 տարիներուն։ Հայր Ֆրանչեսքօ, Յիսուսը շատ սիրած ըլլալով զայն սիրցուցած է հաւատացեալներուն , Ամերիկայի մէջ դառնալով Քափուչչիններու միաբանութեան ամենէն երեւելի եւ փայլուն հոգեւորականը։
Երանելի պիտի հռչակուին նաեւ.
Ֆրանսացի Մարիա Տելլա Քոնչեսիոնէ։ Աւազանի անունով Ատելայտէ Տէ Պազ Տէ Թրենքուելլոն։ Ան ապրած է 1789-1828 տարիներուն։ Ծնած է Ֆրանսական յեղափոխութեան ժամանակ եւ իր բոլոր կեանքը նուիրած է փոքրիկներու եւ աղքատներուն քրիստոնէական վարդապետութեան ուսուցումով։
Գերմանացի Քիարա Ֆեյ, հիմնադրուհին աղքատ Մանուկ Յիսուս մայրապետներու միաբանութեան։ Ան ապրած է 1815-1894 թուականներուն , եւ իր ամբողջ կեանքը ընծայած է աղքատներու խնամակալութեամբ։
Արժանթինցի Քաթերինա Տի Մարիա, որ հիմնած է Սիրտ Յիսուսի աղախիններ՝՝միաբանութիւնը։ Ան ապրած է 1823-1896 թուականներուն։
Եւ ընտանիքի հայր` Լուչիանօ Պոթովասովա, անդամ՝Ֆրանչիսկեան երրորդ կարգի միաբանութեան։ 1947-ին, հայր Լուչիանօ, կեանքը զոհած է իր գիւղին բնակիչները պաշտպանելու եւ իր քրիստոնէական հաւատքը չուրանալուն համար ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |