2017-05-04 11:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան Լիանիստ գումարի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 4 Մայիս 2017-ի առաւօտեան ժամը 10-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Քոնչիսթորօ Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան լիանիստ  գումարի 40 մասնակիցներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց զանոնք ընդունելուն` այս ''լիանիստ անդրանիկ ժողովի առթիւ'' որուն ընթացքին, ըսաւ Ան, առիթ ունեցաք խորացնելու իրար զիրար ճանաչումը ու քննարկելու վերոնշեալ բաժանմունքի գործընթացը­, ինչպէս նաեւ միասին խորհրդածելու ժամանակակից ու արդիակն նիւթի մը մասին որ է ''թուային մշակոյթը''։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան կառավարիչ գերապայծառ Վիկանոյին ու անոր համագործակիցներուն նշեց թէ  ''Ժողովի ընթացքին քննարկուած նիւթը` իր սրտին խօսող նիւթ է։ Ան կը հայի նոր ընթացակարգ եւ չափանիշեր որոնելու մէջ,  բոլոր ազգերուն հաղորդելու համար ողորմութեան Աւետարանը ու զայն հասցնելու զանազան մշակոյթներու սրտին մէջ, ժամանակակից ու նորաձեւ հաղորդակցութեան միջոցներու միջոցաւ զոր ''թուային մշակոյթը'' մեր տրամադրութեան տակ կը դնէ'' յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ։

''Այս բաժանմունքը որ յառաջիկայ 27 յունիսին կը բոլորէ երկրորդ տարեդարձը նոր իրականութիւն մըն է որ բարեփոխումի ճանապարհով յառաջ կ՛ընթանայ անվերադարձ քայլերով, ըսաւ Քահանայապետը ու հաստատեց ''Բարեփոխումը չի նշանակեր գոյն տալ....բարեփոխում կը նշանակէ այլ ձեւ տալ իրականութիւններուն ու զանոնք կազմակերպել տարբեր ձեւերով։ Այդ մէկը ընելու ենք իմաստութեամբ. հեզութեամբ ու նաեւ, քիչ մը բռնութեամբ ''բարի բռնութեամբ''ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու ակնարկեց թէ ''արդարեւ այդ բարեփոխումը համադրում կամ միացումը չէ գոյութիւն ունեցող նախկին բաժանմունքներու միջեւ, այլ նոր կառոյցի մը ստեղծումը, այնպէս ինչպէս գրած էի ինքնագիր նամակիս մէջ - ըսաւ Քահանայապետը ու մէջբերեց նամակին խօսքերը. ''Արդիական հաղորդակցութեան միջոցներու արագընթաց զարգացումները Ս. Աթոռէն կը պահանջեն վերատեսել հաղորդակցութիւններու միջոցներու վերակազմաւորումը, վերարժեւորել Առաքելական Աթոռին հաղորդակցութիւններու միջոցներու ցանցը, եւ զայն միաւորել՝ լաւագոյնս մատակարարման նպատակով։Այս առընչութեամբ հարմար նկատեցի որ բոլոր այն բաժանմունքները որոնք տարբեր ձեւերով մինչեւ այսօր զբաղեցան հաղորդակցութեամբ, միաւորուին Հռոմի Քուրիայի մարմնի ներքեւ որ պիտի կոչուի “Հաղորդակցութեան Քարտուղարութիւն''։ Այսպէսով Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան համակարգը աւելի լաւ պիտի համապատասխանէ Եկեղեցւոյ առաքելութեան պահանջքին''։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա նշեց թէ հաղորդակցութեան համակարգը անցեալի բաղդատութեամբ բոլորովին փոխուած է ու թէ հարկ է համակերպիլ այդ փոփոխութեան ու այս ուղղութեամբ մատնանշեց թէ ''Օսսերվաթորէ Ռոմանօ'' օրաթերթը որ լիովին մաս պիտի կազմէ ''հաղորդակցութեան քարտուղարութեան'' պէտք է նոր ու տարբեր ձեւեր գտնէ առ աւելի ընթերցողներուն հասանելի դառնալու համար­, այնպէս ինչպէս Ռատիօ Վատիկանը պէտք է աւելիով օգտագործէ արդիական արհեստավարժութիւնները։

''Գործը մեծ է, մեծ է նաեւ մարտահրաւէրը, սակայն կարելի է ու պէտք է իրագործել զայն'' ըսաւ ապա Նորին Սրբուիւնը ու աւելցուց ''Պատմութիւնը փորձառութիւններու արժէքաւոր ժառանգութիւն է, որ հարկաւոր է պահպանել եւ օգտագործել որպէս դէպի ապագայի սլացք, ապա թէ ոչ այդ մէկը կը վերածուի լոկ թանգարանի, այցելուներուն համար գեղեցիկ. սակայն անկարող ուժ ու քաջութիւն ներշնչելու ուղեւորութեան շարունակութեան համար''։ 

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ նորաձեւ հաղորդակցութեան համակարգի կառուցման գծով հարկաւոր է նաեւ աշխատաւորներու կազմաւորումը ու անոնց մասնագիտութիւններու թարմացումը, քաջալերեց ներկաները քաջութեամբ յարատեւելու իրենց ընթացքին ու աշխատանքին մէջ որպէս ուղեցոյց ունենալով առաքելական չափանիշը­, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով թշուառութեան, դժուարութեան եւ աղքատութեան պարագաներուն, այն գիտակցութեամբ թէ հարկաւոր է անոնց եւս գտնել պատշաճ լուծումներ։ Այսպէսով կարելի կ՛ըլլայ Աւետարանը տանիլ ամենուրէք, արժեւորելով մարդուժը, առանց սակայն տեղական Եկեղեցիներու հաղորդակցութեան միջոցները փոխարինելու ու միաժամանակ թիկունք կանգնելով եկեղեցական կարիքաւոր հասարակութիւններուն։

Թոյլ չտանք յաղթահարուիլ փառաւոր անցեալի կապուելու փորձութենէն այլ խմբային մեծ յանձնառումով համապատասխանենք հաղորդակցութեան նոր մարտահրաւէրներուն առանց երկիւղի ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը աւարտեց երախտագիտութիւնը յայտնելով բոլորին ու քաջալերելով զանոնք վկայութիւն տալու եղբայրական համագործակցութեան ու բաժնեկցութեան  ապա բոլորին վրայ հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնները` Եկեղեցւոյ Սուրբ Մօր Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, որպէսզի իր քնքշութեամբ հսկէ մեր վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.