2017-05-04 08:45:00

Գարեգին Արք. Պեքճեան հերքած է Պատրիարքական Տեղապահի պաշտօնէն հրաժարականի լուրը


Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական տեղապահ ընտրուած Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան հերքած է հայկական կարգ մը լրատուամիջոցներով տարածուած այն տեղեկութիւնը, թէ կը պատրաստուի հրաժարական տալու, կը հաղորդէ Պոլսոյ հայկական «Ժամանակ» օրաթերթը:

Անդրադառնալով լրատուամիջոցներէն մէկուն տուած մեկնաբանութեան` Պեքճեան պարզաբանած է. «Խօսքի մէջ ըսի` եթէ պէտք ըլլայ, ե­թէ ո­րոշ կող­մե­րու կա­ռա­վա­րա­կան մար­մին­նե­րու հետ շփում­նե­րը դրա­կան ար­դիւն­քի մը չյան­գին, ա­պա ես կրնամ իմ հրա­ժա­րա­կանս տալ, սակայն նման բան չկայ»։

Սրբազան Հայրը անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի` Ապրիլ 24­-ին ըրած ուղերձին ու ատոր մէջ պատրիարքական ընտրութեան մասին ակնարկին` նշելով. «Լաւ է, որ նման պատգամ  հրապարակած է: Անցեալ տարի ալ հրապարակած էր, այս տարի ալ: Ինչ կը վերաբերի պատրիարքական ընտրութեան հարցին անոր անդրադարձին` ատիկա լաւ է, տեսնենք արդիւնքը ինչ պիտի ըլլայ»:

Տեղապահը յայտնած է, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի ժամանէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, այնուհետեւ պիտի մեկնի Մոսկուա` մասնակցելու Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովներուն: Հաւանական է, որ Էջմիածինի մէջ Պեքճեան Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսին հետ քննարկէ պատրիարքական աթոռի շուրջ ստեղծուած հարցը:

Պեքճեան Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ է իբրեւ Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ, սակայն Մոսկուայի մէջ կայանալիք նիստին պիտի մասնակցի իբրեւ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի ընտրեալ տեղապահ:








All the contents on this site are copyrighted ©.