2017-05-03 11:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը կատարելու։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի  օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը ողջունելով երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները. հրաւիրեց, յատկապէս Մայիս ամսուայ ընթացքին, հայցելու Մարիամին` Յիսուսի Մօր, երկնային բարեխօսութիւնը։

Սիրելի երիտասարդներ սորվեցէք անոր աղօթել Սուրբ Վարդարանի պարզ սակայն արդիւնաւէտ աղօթքի միջոցաւ։ Սիրելի հիւանդներ, Տիրամայրը ըլլայ ձեզի նեցուկ` փորձութեան ու ցաւի մէջ եւ սիրելի նորապսակներ, օրինակ առէք Անոր` Աստուծոյ ու եղբայրներուն նկատմամբ սէրէն։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այլ առիթներով եւս հրաւէր ուղղած է աղօթելու Սուրբ Վարդարանը ու այդ մասին արտայայտուելով ըսած է. ''Սուրբ Վարդարանը իմ կեանքիս կ՛ընկերանայ. Ան պարզերու եւ սուրբերու աղօթքն է. Ան սրտիս աղօթքն է''։

Նորին Սրբութիւնը, իր նախորդներուն նման. Սուրբ Վարդարանը կը նուիրէ բոլոր անոնց որոնց կը հանդիպի։ Ան անգամ մը հաստատած է թէ ''Տիրամայրը միշտ մօտիկ է իր զաւակներուն, ան միշտ պատրաստ է մեր օգնութեան հասնելու, ամէն անգամ որ կը դիմենք Անոր…Տիրամայրը սպասեցնել չի տար։ Ան պատրաստակամութեան Տիրամայրն է, միշտ կը փութայ ծառայելու''։








All the contents on this site are copyrighted ©.