2017-05-03 09:18:00

Մամուլի ազատութեան միջազգային օր.''Քննադատող մտքեր, քննադատուելիք ժամանակներու համար''։


(Ռատիօ Վատիկան) Համայն աշխարհին մէջ 3 մայիսին կը նշուի ''Մամուլի ազատութեան միջազգային օրը'' որ հաստատուած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր Ժողովի կողմէ 1993-ի դեկտեմբեր 20-ին։

Մայիս 3-ը ընտրուած է այն պատճառաւ որ այդ օրը Ափրիկեան Երկիրներու ազատ մամուլի ներկայացուցիչները որդեգրեցին Վինդհութեան հռչակագիրը որով կոչ կ՛ուղղուի բոլոր կառավարութիւններուն­, յարգելու Մարդու Իրաւունքներու համընդհանուր  հռչակագիրի 19-րդ յօդուածը, ապահովելով մամուլի ազատութիւնը ու անոր ժողովրդավարական բնոյթը։

Վերոնշեալ հռչակագիրի 19-րդ  յօդուածին մէջ արդարեւ ընդգծուած է թէ ''Ամէն ոք ունի համոզումներու ազատութեան ու զանոնք ազատօրէն արտայայտելու իրաւունք։ Այդ իրաւունքը կը ներառէ սեփական համոզումներու հաւատարիմ մնալու ու ցանկացած միջոցներով ու անկախ պետական սահմաններէ, տեղեկութիւններ ու գաղափարներ որոնելու, ստանալու ու տարածելու ազատութիւնը։

Մամլոյ միջազգային օրուան այս տարուայ` 2017-ի, նիւթն է ''քննադատական մտքեր, քննադատուելիք ժամանակներու համար։ Մամուլի դերը, յառաջացում դէպի աւելի լաւ ընկերութիւն` խաղաղ, արդար ու ներառող''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.