2017-05-03 09:50:00

Եթէ դրական նշաններ չըլլան, կրնամ հրաժարական տալ. Գարեգին Արք. Պէքճեան


Նախքան տեղապահ ընտրուիլս չէի ենթադրեր, որ նման կացութեան առջեւ պիտի յայտնուիմ, ու այսօր եթէ որոշ կողմերու կառավարական մարմիններուն հետ ունեցած շփումները դրական արդիւնքներու չյանգին, ապա ես կրնամ իմ հրաժարականը տալ: Գերմանիոյ Հայոց առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեան նման արտայայտութիւն ունեցած է Գերմանիոյ «Հայ Ձայն»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ խօսելով Պոլսոյ պատրիարքութեան տեղապահի պաշտօնէն հրաժարելու մասին։

Պոլսոյ պատրիարքարան հաստատուելու մասին կայքին ուղղած հարցումին, սրբազան հայրը պատասխանած է. «Ճիշդը ես ալ չեմ գիտեր, որովհետեւ Պոլսոյ մէջ վիճակը բաւական խառն է»՝ հաստատելով, որ այս «խնդիրին ելքը կը գտնուի Թուրքիոյ կառավարութեան ձեռքը»:

Ըստ սրբազանին՝ ներկայիս Պոլսոյ մէջ որոշ կողմեր, այս կապակցութեամբ կառավարական մարմիններուն հետ խօսակցութիւններու մէջ են:

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ  յառաջիկայ շաբաթ Հայաստան պիտի մեկնի եւ Մայր Աթոռին մէջ հանդիպում պիտի ունեայ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ:

Նշենք, որ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապը կը շարունակէ մնալ թրքահայ համայնքի թիւ մէկ խնդիրը: Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ 24 Ապրիլի առթիւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանին ուղղած պատգամին մէջ պատրիարքական ընտրութեան հարցին կատարուած անդրադարձը նոր փուլ մը բնորոշած է այս խնդիրին առումով: «Թէ ի՞նչ նշանակութիւն ունի կամ կրնայ ունենալ Էրտողանի ակնարկութիւնը: Այս հարցը վերջին օրերուն հետզհետէ աւելի կը քննարկուի համայնքային շրջանակներէն ներս՝ առկայ անորոշ վիճակի յաղթահարման որոնումներու մթնոլորտին մէջ: Ակնյայտ է, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս տեղաշարժ մը ապահովել կարելի պիտի ըլլայ, եթէ գտնուի համադրութիւն մը մեր եկեղեցական կանոններուն, Պոլսոյ Աթոռի նախընթացներուն եւ պետութեան սպասումներուն միջեւ: Այս ամբողջին տեսակէտէն առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ կատարուած ակնարկութիւնը», կը գրէ Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթը՝ աւելցնելով. «Այս առումով հիմա ի՞նչ կարելի է ակնկալել եւ ինչպէ՞ս պէտք է գործել պատրիարքարանին շուրջ ստեղծուած թնճուկի յաղթահարման համար: Այս նիւթին շուրջ զրուցեցինք Արամ արք. Աթէշեանի եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ Եպս. Մաշալեանի հետ»:

«Ժամանակ»ը կը տեղեկացնէ, թէ վերջին օրերուն երկու սրբազաններուն միջեւ սկսած է «նոր շունչով, թարմ յոյսերով» երկխօսութիւն մը: Աանցեալ Ուրբաթ օր Սահակ եպս. Մաշալեան պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը ունեցած է Արամ արք. Աթէշեանի հետ: Երկու բարձրաստիճան եկեղեցականները քննարկած են աթոռի առկայ խնդիրները եւ լուծման հեռանկարները: Այդ օրուան տեսակցութենէն ետք՝ Կիրակի օր, երկու սրբազանները անմիջական զրոյց մը ունեցած են Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ:

«Սահակ եպս. Մաշալեան մեզի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի 24 Ապրիլի պատգամին մէջ կատարած ակնարկութիւնը նոր հնարաւորութիւն մըն է՝ որպէսզի պատրիարքարանը անմիջապէս պատկան իշխանութիւններուն ներկայացնէ 26 Հոկտեմբեր 2016 թուականին տեղի ունեցած Եկեղեցականաց համագումարի արդիւնքները: Ծանօթ է, որ այդ համագումարին որոշումով, Մեսրոպ արք. Մութաֆեան հանգստեան կոչուեցաւ պատրիարքի պաշտօնէն, պատրիարքական աթոռը հռչակուեցաւ թափուր եւ յարմար նկատուեցաւ ձեռնարկել նոր գահակալի մը ընտրութեան: Նորին Սրբազնութեան համոզմամբ, թէկուզ յապաղումով, բայց պետութիւնը տեղեակ պէտք է պահուի այդ որոշումներէն եւ անոր պաշտօնապէս պէտք է ներկայացուի նաեւ Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի առողջապահական վիճակին վերաբերեալ բժշկական մասնագիտական տեղեկագիրը: «Քանի որ պետութիւնը իրեն իբրեւ երկխօս կը ճանչնայ Արամ արք. Աթէշեանը՝ ես գացի իրեն այցելութեան: Խաղաղ զրոյց մը տեղի ունեցաւ մեր միջեւ, սակայն Արամ արք. Աթէշեան համոզուած չէ, որ ներկայ փուլին որեւէ լուր պէտք է տալ պետութեան, կամ ընդհանրապէս որեւէ քայլ պէտք է առնել: Այս պայմաններուն ներքեւ, հաւանաբար այդ դիմումը կատարենք մենք: Այսինքն, Կրօնական ժողովի եւ Եկեղեցականաց համագումարի դիւանները նամակ մը գրի առնելով կրնան յանձնել կուսակալութիւն: Սա հաւանականութիւն մըն է, որ ներկայիս մեր օրակարգին վրայ կը գտնուի: Կ՛ընդունիմ, որ որոշ վտանգներ կրնայ ունենալ այս ձեւը: Արդարեւ, պետութիւնը որպէս երկխօս կը ճանչնայ Արամ արք. Աթէշեանը՝ որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ: Եթէ նամակին տակ չըլլայ անոր ստորագրութիւնը, ապա մեր նախաձեռնութիւնը կրնայ որոշ չափով վտանգուիլ: Բայց եւ այնպէս, մենք յանձն կրնանք առնել այդ հաւանականութիւնը՝ որպէսզի մեր ժողովուրդը հերթական անգամ տեսնէ ու համոզուի, թէ ո՛վ կը խուսափի ընտրութեան դիմումը ընելէ: Արամ արք. Աթէշեան անցումային շրջանի պայմաններով ստեղծուած ներկայ համակարգին գլուխը կը գտնուի: Եթէ ցայսօր պետութեան հետ տարուած աշխատանքին մէջ եղած է թերացում մը կամ զանցառում մը, ապա այդ բանին ալ գլխաւոր պատասխանատուն բնականաբար ինքն է», ըսաւ Սահակ եպս. Մաշալեան» կը պատմէ «Ժամանակ»-ը:

Նշենք, որ ընտրեալ տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան Պոլիսէն Գերմանիա մեկնելէ առաջ հրապարակած վերջին յայտարարութեան մէջ խօսած էր նախաձեռնարկ մարմին մը հիմնելու մասին: Սահակ եպս. Մաշալեան, իր կարգին, կը խօսի Արամ արք. Աթէշեանէն անկախ պատկան իշխանութիւններուն դիմում կատարելու մասին՝ ընդունելով հանդերձ վտանգները:

«Կրօնական ժողովի ատենապետին հարց տուինք, թէ Արամ արք. Աթէշեանի հետ իրենց միջեւ սկսած նոր երկխօսութիւնը կրնա՞յ յոյս մը ներշնչել ապագային համար: Այս կապակցութեամբ Սահակ եպս. Մաշալեան եզրափակեց. «Մեր յարաբերութիւնը Արամ արք. Աթէշեանի հետ միշտ կրնայ բարելաւուիլ, որովհետեւ ես իր հետ անձնական խնդիր մը չունիմ: Խնդիրը իր դիրքորոշումն է: Ես գիտեմ, որ ինքն ալ ինծի հետ անձնական խնդիր մը չունի: Բայց միւս կողմէ կայ սկզբունք մը եւ այդ մէկը մենք չենք կրնար մէկ կողմ թողուլ: Պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը լուծելիք անձը ինքն է, սակայն ներկայիս խնդիրը լուծող անձէ աւելի՝ խնդիրը խոչընդոտողի դերին մէջ կը գտնուի: Պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ մենք պէտք է ընենք մեզմէ կախեալ ամէն ինչ, ամէն պատրաստութիւն պէտք է տեսնենք ու գնդակը պէտք է տեղափոխենք պետութեան դաշտը՝ որպէսզի մեր հոգեւորականաց դասը փրկուի պատասխանատուութեան առկայ ծանրութենէն: Պետութիւնը տեղեակ պահելու, պետութեան լուր տալու բնոյթով ամէն ինչը մենք պէտք է ընենք: Մենք է, որ մեր տալիք տեղեկութիւնով շարժման պիտի անցընենք պետութիւնը», կը գրէ «Ժամանակ»-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.