2017-05-02 10:38:00

Վենեզուելա. Ութը Լատինամերիկեան երկիրներ կ՛աջակցին Ֆրանչիսկոս Պապին կոչին։


(Ռատիօ Վատիկան) Լատին Ամերիկեան ութը երկիրներ` ստորագրեցին միասնական կոչ մը որուն մէջ իրենց աջակցութիւնը բացայայտեցին Ֆրանչիսկոս Պապին, անցեալ կիրակի 30 ապրիլ 2017-ին, Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած առաջարկին` '' բանակցային լուծում'' որոնելու Վենեզուելլայի քաղաքական տագնապին։ Այդ երկիրներն են Արժանթինը, Պրազիլը, Չլիէն, Քոսթա Ռիքան, Փերուն, Փարակուէյը եւ Ուրուկուէյը։

''Համաձայն ենք Ֆրանչիսկոս Պապին հետ թէ հարկաւոր է չխնայել որեւէ մի ջանք Վենեզուելլայի համար'' կը կարդանք վերոնշեալ ութը երկիրներու ստորագրած կոչին մէջ, որուն մէջ ընդգծուած են նաեւ Քաղաքական երկխօսութիւնը հաստատելու պայմանները. ''Բռնութիւններու դադարեցում­, օրինական պետականութեան լիարժէք վերականգնում, քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակում, Ազգային Ժողովին իրաւասութեան վերահաստատում, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններու օրակարգի սահմանում։








All the contents on this site are copyrighted ©.