
Պրիւքսէլի մէջ Հայ առաքելական Սուրբ Մարիամ Մագտաղենացի եկեղեցւոյ մէջ, Մայիս 1-ին
իրականացաւ սուրիահայութեան օժանդակելու դրամահաւաք: Այս մասին կը յայտնէ ՀՅԴ Հայ Դատի
Եւրոպայի յանձնախումբի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան։
Սուրիահայութեան աջակցութեան ուղղուած դրամահաւաքին միացած են Պելճիքայի մէջ գործող
գրեթէ բոլոր հայկական կազմակերպութիւնները: Ներկայ եղած են Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ
Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեան, Հալէպի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան:
«Դրամահաւաքը նպատակ ունի սուրիահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները ներկայացնելու
Պրիւքսէլի հայ համայնքին: Սրբազան հայրը ներկայացուցած էր կրօնական առումով իրենց ակնկալիքները,
թէ այժմ ի՞նչ կարելի է ընել սուրիահայութեան համար: Կարօ Իւզպաշեան, իր հերթին, ներկայացուցած
էր սուրիահայութեան խնդիրները: Պելճիքայի հայ համայնքը, այսպիսով, փորձեց նիւթական օժանդակութեամբ
օգնել սուրիահայերուն»,- նշեց Պետօ Տէրմիրճեան:
Հաւաքուած գումարը, ըստ իրեն, սուրիահայերուն պիտի հասնի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին
միջոցով, որ լաւ ծանօթ է սուրիահայերու խնդիրներուն:
«Հայ համայնքին հետ հանդիպումէն բացի, կ՝ակնկալուին նաեւ քաղաքական հանդիպումներ:
Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեան, Կարօ Իւզշաշեան Մայիս 2-ին եւ 3-ին պիտի մասնակցին Եւրոպայի
Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած հանդիպումներուն. պիտի հանդիպին Պելճիքայի
դաշնային եւ շրջանային մակարդակի խորհրդարաններու ներկայացուցիչներու հետ, նախատեսուած
է հանդիպում Եւրոխորհրդարանի պատասխանատուներու հետ՝ նպատակ ունենալով իրազեկել սուրիահայերու
խնդիրներուն մասին»,- ընդգծեց Պետօ Տէմիրճեան: