2017-04-30 09:44:00

Կիրակի 30 Ապրիլ 2017 Աշխարհամատրան Կիրակի (Յովհաննէս Բ 23 – Գ 12)


Մկրտութիւնը երկրորդ ծնունդն է մարդուն

Նիկոդեմոս փարիսեցին անոնցմէ էր որոնք միշտ կը հակառակէին Յիսուսի դէմ եւ հետամուտ էին զինք հարցաքննելու որպէսզի բռնէին որեւէ յանցանքի մէջ, եւ ապա կարենային դատապարտել տալ զինք իրենց օրէնքներուն համաձայն. Այս մարդիկը օրէնքի մասնագէտներ էին եւ կը մեկնաբանէին զայն, ուղղութիւններ տալով հրէայ հաւատացեալներուն։ Յիսուս սակայն կը տեսնէր անոնց մէջ թաքնուած խորին կեղծաւորութիւն մը, որ աւելի չարիք կը հասցնէր ժողովուրդին, քան թէ բարիք. Անոնք կը նախընտրէին զոր օրինակ վիրաւոր անձի մը քովէն անցնելով ձգել որ մեռնի, - յիշենք բարի սամարացիին առակը - քան թէ անոր օգնութեան փութալով` իրենց ձեռքերը պղծէին անոր արիւնին խառնելով:

Սակայն իրենց մէջ կային նաեւ բարի եւ ուղղամիտ անձեր. Գործնականին մէջ` յետագային, շատեր պիտի ընդունէին Քրիստոսի հաւատքը իր յարութենէն ետք։ Այս անձերէն մին էր Նիկոդեմոս, որ Ատեանին մէջ` պարզապէս համարձակած էր ըսելու, ձեւով մը պաշտպան կենալով Յիսուսի. Արդեօք մեր Օրէնքը կը դատապարտէ՞ մէկը առանց կանխապէս զինք լսած ըլլալու։

Ահա այս ողջամիտ մտածումն է որ զինք մօտեցուց Քրիստոսի. Չհամարձակեցաւ գալ օր ցերեկով, վախնալով իր ընկերակիցներու ընելիք դիտողութիւններէն, այլ գաղտագողի կերպով, գիշերով եկաւ Յիսուսի մօտ, խնդրելու իրմէ որ լուսաւորէ զինք եւ յայտնէ թէ ինչ է իրականին մէջ իր բերած պատգամը։

Յիսուս բաւականացաւ մէկ խօսք մը միայն ըսելու իրեն. «Երկինք մտնելու համար հարկ է վերստին ծնիլ». Այս նոր ծնունդը անշուշտ չի կրնար մարմնաւոր ըլլալ. Ոչ ոք կրնայ նորէն մօրը որովայնը մտնել ու ծնանիլ. Ան պարզապէս հոգեկան է. Կը վերածնինք մկրտութեամբ, ջուրի եւ հոգիի միջոցաւ։

Քրիստոնեայ դառնալու համար` հարկ է ուրեմն մկրտուիլ. Եկեղեցին դարերէ ի վեր կը կիրարկէ այս մեծ խորհուրդը, առաջին խորհուրդը որով անձ մը մուտք կը գործէ Յիսուսի Քրիստոսի ընկերութեան մէջ, որ է Եկեղեցին։ Ժամանակին` հարկ էր չափահաս ըլլալ, դատիարակուիլ հաւատքի մէջ եւ ընդունիլ յայտնուած բոլոր ճշմարտութիւնները, մկրտուելու համար. Հետզհետէ աշխարհի բոլոր տեղական եկեղեցիները արտօնեցին մկրտութիւնը նորածին մանուկներու, որպէսզի աւելի շուտ կերպով քրիստոնեայ դառնալով` անոնք ապահովութիւնն ունենային երկնքի արքայութեան մէջ մտնելու, նոյնիսկ եթէ չհասնէին չափահաս տարիքի։

Այս բարի սովորութիւնը սակայն սկսաւ տակաւ առ տակաւ կորսուիլ մանաւանդ Արեւմուտքի մէջ, ուր վկայ ենք նոր երեւոյթի մը, որով երեխայի մը ծնողքը մկրտել չեն տար իրենց որդիները, առարկելով թէ անոնք նախ թող չափահաս ըլլան եւ ապա ընտրեն թէ կ՛ուզեն մկրտուիլ թէ ոչ։ Ստոյգ է որ այս երեւոյթը յառաջ կու գայ գլխաւորաբար հաւատքի պակասէն. Դժբախտաբար մեր ընտանիքներու մէջ սկսած է պակսիլ հաւատքը, որովհետեւ պակսած է ընտանիքի մէջ աղօթքը. Կարգ մը հայ եւ քրիստոնեայ ընտանիքներու մէջ` նոյնիսկ ճաշէն առաջ աղօթք չեն ըներ։ Աղօթքի փոխարէն մտած է հեռուստատեսիլը, ականջալուր երգերու սկաւառակը, Համացանցը եւ զանազան ուրիշ նորոյթներ որոնք կը ծառայեն աւելի հոգին պարպելու եւ մարմինն ու անոր ցանկութիւնները արթնցնելու։ Անոնք գէշ բաներ չեն, սակայն պէտք է նաեւ տեղ ձգել հոգեւորին, որովհետեւ եթէ պարպուինք հոգիէն` կ՛ոչնչանանք որպէս մարդ։ Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.